image

Ամմանի ԱՄՄ-ը եւ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ը համագործակցութեան նոր եռանդով. Տեղի ունեցած է ամառնային բանակում Յորդանանի մէջ (Լուսանկարներ)

Ամմանի ԱՄՄ-ը եւ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ը համագործակցութեան նոր եռանդով. Տեղի ունեցած է ամառնային բանակում  Յորդանանի մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս միացեալ կազմակերպութեամբ Ամմանի ԱՄՄ-ի եւ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի սկաուտական մարմիններուն տեղի ունեցած է ամառնային բանակում Մատապա քաղաքին մէջ։

Երկար տարիներու  բացակայութիւնէ ետք Ամմանի ԱՄՄ-ի սկաուտութիւնը նոր աշխուժութեամբ կը մասնակցի եւ կը գունաւորէ համայնքային կեանքը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Յորդանանի ԱՄՄ-ի վարչութիւնէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Յորդանանի 

Ազգային Մարզական Միութիւն Ատենապետ՝ Օրդ. Մարալ Ներսէսեանի գրչով պատրաստուած եւ խմբագրութեանս առաքուած թղթակցութիւնը։

Ազգային Մարզական Միութիւն Ատենապետ՝ Օրդ. Մարալ Ներսէսեանի գրչով պատրաստուած եւ խմբագրութեանս առաքուած թղթակցութիւնը։

Յուլիս 17 – 22, 2024-ին, Յորդանանի Մատապա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Շրջանային Բանակում, Ամմանի ԱՄՄ՝ Ազգային Մարզական Միութեան եւ Երուսաղէմի ՀԵՄ՝ Հայ Երիտասարդական Միութեան սկաուտական Խումբերու կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ։

 Երկար տարիներու ձմեռումէ վերջ Ամմանի Ազգային Մարզական Միութիւնը վերակազմեց եւ վերսկսաւ միութեան Սկաուտական Շարժումը, երիտասարդաց ոյժերով, մղուած հայապահպանման ոգու պահանջով։ 

 Ամման-Յորդանանը տարածաշրջանի խաղաղ կեդրոնը հանդիսանալով, երկար տարիներու, ԱՄՄ-ի ամարային զբօսավայրը ծառայած է համագաղութային մեծ բանակումներու, հիւրընկալելով մասնակիցներ տարածաշրջանի համայնքներէն, ինչպէս՝ Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ, Եգիպտոս, Իրաք, Կիպրոս, Ֆրանսա եւ Արաբական Ծոցի Երկրներ։ Ինչպէս եւ ծառայած է երբեմնի Հայոց Դպրոցի՝ Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան Վարժարանի տարեվերջի պտոյտի։ 

Ներկայիս նորոգութիւններու կարիքը ունենալով, բանակումը տեղի ունեցաւ Արաբ-Լատին համայնքի բանակավայրէն ներս։

ՀԵՄ-ի եւ ԱՄՄ-ի զոյգ ակումբներու հեռատես մօտեցումը վերականգնեց այս քոյր ակումբներու միասնական գործունէութիւնները, այս զոյգ Գաղութներուն ազգային եւ միութենական աշխատանքները, որուն շատերը ծանօթ են մօտ անցեալէն, ըլլայ մարզական, պարախումբի, թատերական, մշակութային, սկաուտական եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Այսուհետ, սոյն ակումբներու սկաուտութիւնը միացեալ պիտի ներկայանան որպէս ԱՄՄ-ՀԵՄ սկաուտական Շարժում։

 

Այս յարաբերութիւններու հզօրացումը, ընդլայնելով համագործակցութիւնը, պահելու միասնականութեան ոգին, մեծ հրճուանք եւ հոգեկան բաւարարութիւն տուաւ այս համայնքներու անդամներուն։

Յաղթահարելով աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, որդեգրելով կապի դիւրութիւններու տարբեր ձեւեր, օրինակ կը ծառայեն այսօր յաջորդող սերունդներուն, եւ տարբեր համայնքներուն, ի նպաստ Հայապահպանման սրբազան աշխատանքին։

 ԱՄՄ-ՀԵՄ Սկաուտական Շարժումը, Ազգի մօտեցման քայլով, Ամմանի ՀՄԸՄ՝ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան Սկաուտներուն հրաւիրեցին իրար հետ խաղերու մրցաշարի որոնք ընդառաջելով այս հրաւիրեն ստեղծուեցաւ աննախադէպ ջերմ մթնոլորտ Ամմանահայ պատմութեան մէջ, որը վստահաբար պիտի ունենայ շարունակականութիւն։ 

 Յուլիս 21-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բանակումի պաշտօնական փակման արարողութիւն-հանդէսը համայնքի ներկայութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի ատենապետ՝Տիկ. Ռաքել Մարքարեանը։ Բոլոր ներկաները բարձր գնահատեցին երիտասարդութեան որակեալ կազմակերպուած աշխատանքը։

Խարուկահանդէսի կրակը բոցավառուեցաւ երկարամեայ նախկին ատենապետ, համայնքին նուիրուած կարկառուն անդամ՝ Ընկ. Անդրանիկ Լեփէճեանի կողմէ, սկաուտապետներու եւ խմբապետներու ուղեկցութեամբ։

 Բանակումի ընթացքին, մասնակիցները այցելեցին Նեպո Լեռը, Պատմութիւններու «Ալ Հաքաեայ» թանգարանը, Փեթրան եւ Ուատի Ռամը։

 Սփիւռքահայ Երիտասարդութեան Համայնքային կեանքին ներգրաւման տարբեր միջոցներ որդեգրելով, վստահութիւն ցուցաբերելով երիտասարդ ոյժին,

նոր սերունդին մէջ կ՚արթնացնենք կամ կը հզօրացնենք Ազգային Պատկանելիութեան եւ նուիրումի ոգին, ներդրելու մեր ազգի հզօր շարունակականութեան, ինչպէս այսօր օրինակ կը ծառայէ Յորդանանի եւ Երուսաղեմի համա-քաղութային երիտասարդական բանակումը։

 Ոյժերը միացնելով կը բռնենք ազգի վերելքի ճամբան եւ Սփիւռքը կը դառնայ Հայ ազգի աւելի գործօն անդամ։

Կը մնանք հպարտ եւ հիացած մեր երիտասարդութեամբ։ Բարի երթ ԱՄՄ-ՀԵՄ սկաուտական Շարժմանը։