image

«Միջին Արեւելքը կրնայ պայթիլ». Դիտարկում Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէն

«Միջին Արեւելքը կրնայ պայթիլ». Դիտարկում Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէն

Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝

«Լիբանանը մեծ պատերազմի շեմին է, եթէ Իսրայէլի ձեռքը չբռնեն` Միջին Արեւելքը կը պայթի», նախանցեալ օր ըսած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` Լիբանանի ներկայ կացութեան վերաբերեալ «Նիուզ» լրատուական կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

«Պէտք է ըսել, որ ամէն իմաստով պատերազմական դրութեան մէջ ենք: Ճիշդ է, որ տակաւին երկիրը չէ անդամալուծուած, բայց ամէն ժամեայ թիրախաւորում ու հրթիռարձակում կայ թէ՛ օդանաւային եւ թէ՛ այլ զինուորական սարքերով: Տակաւին կէս ժամ առաջ Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ շէնք մը ամբողջ թիրախաւորուեցաւ եւ ռմբակոծուեցաւ: Մեռեալներ եւ վիրաւորներ կան: Միայն երէկուան հաշուեկշիռով արդէն 530-535 նահատակի եւ աւելի քան 1600 վիրաւորի մասին կը խօսուի: Ատկէ առաջ Իսրայէլ «Փէյճըր»-ներու հարցով հետամուտ էր առաւելագոյն չափով նոյն ժամանակ մարդասպանութիւն կատարել, երբ տասնեակներով զոհեր եւ աւելի քան 3000 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Իսրայէլեան ծրագիրն է այս յարձակումները իրագործել: Այսօր թիրախաւորուած են հարաւային Լիբանանը, Պեքաայի շրջանը եւ Պաալպեքը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները: Բնական թշնամական եւ ոճրային վերաբերումն է, որ Իսրայէլ ցոյց կու տայ», նշեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ հազարաւոր մարդոց գաղթականական հոսք ծաւալած է Լիբանանի հարաւային շրջաններէն դէպի Պէյրութ եւ լեռնային շրջաններ, ուր աւելի ապահովութիւն կայ:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ փաստօրէն Լիբանան այսօր կը դիմագրաւէ հսկայական բանակ մը, որուն դիմաց լիբանանեան Դիմադրութիւնը անհրաժեշտ պատասխանները կու տայ: «Առանձնապէս հայկական շրջանները վտանգի մէջ չեն, սակայն բնականաբար Լիբանանին սպառնացող որեւէ վտանգ կ՛անդրադառնայ լիբանանահայութեան վրայ», ըսաւ Բագրատունի` նշելով, որ զոհերուն պարագային հայեր չեն արձանագրուած, որովհետեւ այն շրջանները, որոնք ռմբակոծումի կ՛ենթարկուին, այդտեղ հայեր չեն ապրիր ընդհանրապէս:

«Արդեօք Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ լայնածաւալ պատերազմը անխուսափելի՞ է» հարցումին պատասխանելով Բագրատունի նշեց, որ ամէն անգամ որ կրկնուէին յայտարարութիւններ, որ լայնածաւալ պատերազմի պիտի չերթանք կամ Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան ուժերը ճնշում պիտի բանեցնեն Իսրայէլի վրայ, որ լայնածաւալ պատերազմի չերթանք, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ընդունուած հաւասարակշռութիւնը կը խախտուէր թէ՛ աշխարհագրական իմաստով, թէ՛ գործածուած զինամթերքին իմաստով, թէ՛ արձանագրուած զոհերուն իմաստով:

«Պէտք է արձանագրել, որ Իսրայէլ ուղղակի կը թիրախաւորէ ժողովուրդը: Իսկ Հըզպալլան կը հարուածէ այն կեդրոնները, որոնք զինուորական կամ զինուորական ճարտարարուեստի կեդրոններ են: Իսկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ արձանագրուող զոհերուն թիւերը փաստօրէն անհամեմատ են: Եթէ երբեք երկու ամիս առաջ անհաւանական կը թուէր ցամաքային ներխուժումը, այսօր Իսրայէլի կատարածը ցոյց կու տայ, որ նաեւ ցամաքային ներխուժումը կարելի է: Իսրայէլ վարպետօրէն կը շահագործէ միջազգային եւ շրջանային դրութիւնը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը, որպէսզի կարենայ այդ ժամանակի ընթացքին առաւելագոյնը ընել իր նպատակներուն հասնելու համար: Իսրայէլ հիմնական երկու նպատակ կը հետապնդէ. առաջին` ամբողջութեամբ չէզոքացնել Հըզպալլայի զինուորական կարողականութիւնը, երկրորդ` հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծել, որպէսզի հետագային որեւէ հաւանական յարձակումի դէմ կանգնի», նշեց Բագրատունի:

Պատասխանելով լիբանանահայութեան արտագաղթին մասին հարցումի մը` Բագրատունի ըսաւ. «Կազմակերպուած արտագաղթ չկայ, իսկ եթէ պիտի արտագաղթեն, մեր թելադրանքը միշտ եղած է Հայաստան երթալ, եւ այդ պարագային Հայաստանի պետութենէն համապատասխան միջոցներու ստեղծում կ՛ակնկալենք»:

Երեսփոխան Բագրատունի Լիբանանի ներկայ կացութեան շուրջ զրոյց ունեցաւ նաեւ հայրենի «Էյ. Պի. Սի. Միտիա» լրատուամիջոցին հետ: Ան զրոյցի ընթացքին նշեց, որ դժբախտաբար նախատեսուածը իրականաբար եւ նախանցեալ օր իսրայէլեան բանակի օդուժը հազարէ աւելի յարձակումներ գործած է: Քանդումը ահռելի է, սպաննուածներուն թիւը շատ մեծ է, եւ Իսրայէլ յատուկ որոշումով կը փորձէ առաւելագոյն չափով մարդ սպաննել եւ քանդում յառաջացնել:

Բագրատունի նկատել տուաւ, որ յատկապէս հարաւային Լիբանանէն զօրացած է գաղթականութեան ալիքը, մեծ թիւով գաղթականներ աւելի ապահով շրջաններու մէջ հաստատուելու ընթացքին մէջ են: Դպրոցները փակ են, կրթական տարեշրջանի վերամուտ պիտի ըլլար, բայց կրթութեան նախարարին որոշումով յետաձգուեցաւ, կարգ մը պետական վարժարաններ յատկացուեցան գաղթականներու պատսպարման: «Իսկ մենք կը փորձենք մեր շրջաններուն մէջ առաւելագոյն չափով տոկալ ժողովրդային իմաստով եւ իրարանցումի չանցնիլ, այլ ընդհակառակն` փորձել առաւելագոյն չափով ապահովութեան կամ այլ միջոցներով մենք մեզ ամուր պահել», ընդգծեց Բագրատունի: