Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն, գաղութի երիտասարդական շրջանակներուն մէջ յաճախ լսելի կը դառնան անունները այն տղոց ու աղջիկներուն, որոնք մեծ թափով կը շարունակեն երթը ուսումնական աշխարհին մէջ։ Խնդիրը միայն յաջողութիւններու հասնիլը չէ, այլ հիմնականին մէջ կրթութեան, ուսումնական աշխարհին հանդէպ հաւատք ու հաւատամք ունենալու էական ընկալումը։ Եւ իրաւամբ միշտ ալ ճիշդ եղած է այն դիտարկումը, որ ուսումնառութեան պարագային միայն գեղեցիկ թուղթի կտորներն ու վկայականները չեն, որ պիտի կարեւորուին, այլ ուսումնական կեանքը զրահի վերածելու կամքը ու ապա առաքելութեան մը մէջ նետուելու սկզբունքն է, որ պիտի փառաւորուին։
Այս առումով ալ ուշագրաւ լուր մը ստացանք Լիբանանի Այնճար հայաւանէն, որուն հարազատ զաւակներէն Զաւէն Գապաքեանը այս օրերուն կարեւոր քայլ մը նետած է իր ուսումնական կեանքին մէջ։
Ստորեւ ատոր մասին «Արեւելք»ի անդրադարձը, որ քաղած ենք համացանցի էջերէն։
Զաւէն Գապաքեան աւարտած է Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը 2019-ին պատուոյ յիշատակութեամբ։ Ան պսակաւոր գիտութեան վկայականը գերազանցութեամբ ստացաւ Լիբանանեան Համալսարանէն, հանդիսանալով դասարանին առաջինը: Ապա նոյն համալսարանէն ստացաւ կենսաբանութեան մագիստրոսի կոչում: Անոր վերջին նախագիծը կեդրոնացած էր քաղցկեղի դէմ դեղամիջոցներու ուսումնասիրութեան վրայ: 2024 թուականին Զաւէնը ընտրուած է մագիստրոսի II ծրագրին մասնակցելու՝ Բջիջներուկենսաբանութիւն մասնագիտութեամբ, Փարիզի Սորպոն համալսարանէն ներս (Մարի Քուրի հիմնարկ): Ան ոգեւորուած է շարունակելու կենսաբանութեան իր ուսումնասիրութիւնը՝ նպաստելու գիտական հետազօտութիւններու, եւ առողջութեան բարելաւման:
Լիարժէք յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք մեր երիտասարդ հայրենակիցին։