image

Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Հռոմի մէջ

Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Հռոմի մէջ

Շաբաթներ առաջ Վատիկանի կողմէ հրապարակուած յատուկ կոնդակով Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հայաստանի, Վրաստանի,Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան պաշտօնին կոչուած Գերյ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ. Նորատունկեան Եպիսկոպոսական օծման արժանացած է։

 Կարեւոր եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։

Ստորեւ այդ մասին տրուած թղթակցութիւնը՝ յապաւուած։

Շաբաթ` 21 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան Հռոմի Թոլենթինացի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ Առաջնորդ` Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն, կղերական դասին ու Վատիկանեան վերին իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն` որոնց շարքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որ արարողութեան ընթացքին ընթերցեց եպիսկոպոսական տիտղոսի տուչութեան Քահանայապետական կոնդակը, եւ վաստակաւոր Վերատեսուչ` Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղար` Գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչէ։

 

Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու կղերական դասի անդամներ նորօծ ձեռնադրեալ Արքեպիսկոպոսի ծնողները, հարազատներն ու բարեկամները եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Պորիս Սահակեան եւ դեսպանատան աշխատակազմի անդամները։

 

 

 

Գրեթէ երեք ժամ տեւած հոգեպարար արարողութեան աւարտին Նորօծ Առաջնորդը յղեց իր անդրանիկ սրտի խօսքը։