image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Երուսաղէմի հին լուսանկարները վաւերագրող հայը՝ Վարուժան Իշխանեան

 Ոչ եւս է Երուսաղէմի հին լուսանկարները վաւերագրող հայը՝ Վարուժան Իշխանեան

 Օրերս Երուսաղէմի հայկական համայնքը կորսնցուցած է իր արժէքաւոր զաւակներէն մին։

Մահացած է լուսանկարիչ- վաւերագրող Վարուժան Իշխանեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց  համացանցէն։

   Վարուժ Իշխանեան , որուն հայրիկը նոյնպէս եղած է լուսանկարիչ տարիներ առաջ ունեցած է փոքրիկ լուսանկարչատուն մը Երուսաղէմ հին քաղաքին մէջ, իսկ այդ փոքր խանութի ետին գտնուած է Վարուժի կողմէ հիմնադրուած «Սթիւնտիո» մը, ուր հանգուցեալը երկար ամեակներ տպագրած է Երուսաղէմ քաղաքի հին լուսանկարները։Ան կը համարուի այդ քաղաքի վաւերագրողներէն մին ու նաեւ Երուսաղէմի մէջ մեծ աւանդ ունեցող հայ լուսանկարիչներէն մին, որ երկար տարիներ գործած է այդ ոլորտին մէջ։ 

 Ի դէպ Վարուժանի մասին կարճ մահագրութիւն մը հրապարակած է Երուսաղէմի ՌԱԿ-ՀԵՄ մարմինը մասնաւորապէս նշելով՝ 

ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները կը գուժեն մահը Միութեանս երկարամեայ եւ նուիրեալ անդամ ընկեր Վարուժան Իշխանեանի որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024-ին։

Ընկեր Վարուժան Իշխանեանը եղած է Միութեանս երէց անդամներէն ինչպէս նաեւ 2019 թուականին Միութեանս 82-րդ ամեակի առթիւ արժանացած է Միութեանս երկարեամեայ եւ նուիրեալ անդամի շքանշանը։

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Տիար Վարուժանի կնոջ, զաւակներուն ինչպէս նաեւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 31 Մայիս, 2024-ին կէսօրէ ետք ժամը 3:45 Հայոց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Հոգեսուրժ Միութեանս Թէքէեան սրահին մէջ։