Նիւ Եորքի հեռաւոր ափերուն օրերս տեղի ունեցած է Մատաղօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւն ի յիշատակ Մուսալեռան ինքնապաշտպանութեան ժամանակ իրենց հոգին աւանդած նահատակներուն։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխատէր Քահանայ Հօր՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի գլխաւորութեամբ եղած արարողութիւնները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորուած են համայնքի հայ զաւակաց կողմանէ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք տօնական այս առիթին մասին Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջին կատարած լրատւութիւնը։
Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սբ. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, ռեհանի եւ մատաղի օրհնութիւն։ Աւանդական մատաղը նուիրուած էր Մուսա Տաղի ինքնապաշտպանութեան 109ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85ամեակին։ Օրուան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Այնճարի դպրոցներուն։
Մատաղը նուիրուած էր Լագիսեան ընտանիքին կողմէ, ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ ծնողած՝ Պետրոս եւ Տիրամայր Իսկուհի Լագիսեաններուն: Իսկ ռեհանը նուիրած էր Տիկին Անի Ներսէսեանի կողմէ:
Մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնել եկեղեցւոյ ժրաջան տիկնանց միութեան անդամուհիներուն, որոնք սիրայօժար պատրաստեցին օրուան մատաղը՝ Հարիսան: