Օրերս հերթական անգամ պոլսահայ մեր հայրենակից՝Նուրհան Չէթինքայա պատրաստած է ձկնեղէնի յատուկ ուտեստ մը որ կը կոչուի «Լաքերթա»:
Սիրողական մակարդակով սկիզբ առած այդ պատրաստութիւնը վերածուած է բարեսիրական նպատակներ իրականացնող նախաձեռնութեան։
Այս մասին «Արեւելք» յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացաւ պոլսահայ մեր հայրենակիցէն։
Այս առումով ալ Նուրհան Չէթինքայա մասնաւորապէս պատմեց ««Լաքերթա» պատրաստելը հին Սթանպուլի մշակոյթ մըն է, Օսմանեան կայսրութենէն մեզի հասնող հայկական մշակոյթ մը: Կարգ մը հրեաներ կը պնդեն որ այս ուտեստեղէնը իրենց կը պատկանի, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ: Աղով եփել ինչպէս՝ «պասթուրմա»ն, նոյն հայկական մշակոյթն է, սակայն ասոր մէջ միսի փոխարէն ձուկն է որ կ’եփես: Ձմրան ժամանակ յարմարութիւններէ զուրկ վայրերու մէջ կ’օգտագործուէր այս ձեւը: Ինչպէս Անատոլիոյ (Արեւմտահայաստան Խմբ. «Արեւելք») մէջ բանջարեղէնները կը չորցնէին, այս ալ անոր նման ձեւ մըն էր:
Առիթով մը ընկերներս առաջարկեցին որ սկսիմ այս աշխատանքը որովհետեւ ան հայկական մշակոյթին մաս կը կազմէ։Թէեւ ես մասնագէտը չէի բայց ի սէր հայկական մշակոյթին ձեռնարկեցի եւ սկսայ սիրողական ձեւով: Գործէն ստացած առաջին եկամուտը տրամադրեցի Թուրքիոյ հեռաւոր գաւառներուն մէջ ծնած եւ այլ քաղաքներ ուսանող կարիքաւոր համալսարանականներուն:
Հինգ տարի է որ «Լաքերթա» կը վաճառեմ եւ եկամուտը, առանց ազգային խտրականութեան, կը յատկացուի համալսարանական ուսանողներու եւ բաժին մըն ալ կը տրամադրուի հայկական վարժարաններու սաներուն ինչպէս՝ Գալֆայեան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարաններու սաներուն: Առաւել բաժին մըն ալ կ’երթայ կարիքաւոր ընտանիքներու եւ համակարգիչներու կարիք ունեցող աշակերտներու:
Նախորդ տարի վաճառեցինք 2000 «Լաքերթա»ի տուփ: Այս տարի կը նախատեսենք թիւը հասցընել 3000 հազար տուփի: Միշտ մեր նպաստը կ’ուզենք ուսանողներուն տրամադրել: Ի հարկէ համայնքն ալ կ’աջակցի այս ծրագրին: Հայ համայնքին մէջ այս ծրագրին գլխաւոր նախաձեռնողը ըլլալ ինծի համար մեծ պատիւ է: Մարդիկ մեզի կը վստահին հաւատալով գործին կարեւորութեան, մենք ալ պատասխանատուութեամբ կը շարունակենք աշխատանքը եւ մեր թիրախը կ’ուզենք աւելիով ընդլայնել: Անցեալ տարիներուն մենք ունեցանք նաեւ կաթի ծրագիր մը մեր հայկական վարժարաններուն համար, ամէն առտու կաթ մատակարարելով: 16 հայեր միացանք ստեղծելու «կաթի եղբայրներ» անունով խումբ մը եւ պայմանաւորուեցանք կաթի տարբեր ընկերութիւններու հետ: Ամէն առաւօտ «Գալֆայեան», «Մխիթարեան», «Անարատ յղութեան», «Գարակէօզեան», «Պէզճեան» եւ «Տատեան» վարժարաններուն մէջ հազար աշակերտի կաթ կը մատակարարէինք: Իսկ ամրան ընթացքին հայկական տարբեր ճամբարներու մասնակցող մանուկներուն: Իսկ երբ պետութիւնը սկսաւ կաթ բաժնել դպրոցներուն մէջ մենք դադրեցուցինք մեր այս աշխատանքը»:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենակից՝ Նուրհան Չէթինքայաին, որուն հաւատքը, նուիրումը եւ համայնքի կամ օտար կարիքաւոր սաներուն հասնելու առաքելութիւնը արժանի է մեծ գնահատանքի։
Նիւթը՝ «Արեւելք»ի