Անբերելի աշխարհի զո՜վ մանիշակ ճակատին՝
Եռապատիկ քանդակեմ Սուրբերուս տաղերն անմահ,
Արարչական հպարտա՛նք,որպէս հայկեան սերունդին,
Որ ոսոխին անձրեւը ասկէ ետք կարմիր տեղայ։
Ի՜նչ չաստուածներ ամեհի, կաշկանդեցին մեր սրտեր,
Ուղեւորները մահուան՝ տակ ոգեղէն երկինքին,
Քաղցըր յոյսով հայկական, ճեղքեցին լեռ ու ձորեր,
Եւ գիտէ՞ք, լոյս չտեսան, մուգ էր լոյսը արեւին։
Միակ ցաւը դրախտի՝ տխրութիւնն է հարազատ,
Երբ բաղդատենք հայ կեանքը դրախտային աշխարհին՝
Փորձառութիւնը պիտի թըւի որպէս սուտ երազ,
Սուտ երազ եւ անիրաւ, սուտ՝ անիրաւ աշխարհին։
ԿԱՅԼԱԿ
«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն