image

Բնիկ Այնճարցի Քաթրին Աշգարեանի փայլուն յաջողութիւնը

Բնիկ Այնճարցի Քաթրին Աշգարեանի փայլուն յաջողութիւնը

Հակառակ Լիբանանի դժուարին պայմաններուն՝ տակաւին ուրախալի լուրերը կը հասնին մեզի Լիբանանի հայահոծ Այնճար աւանէն։

Արդարեւ հայ աշակերտներու յաջողութիւնները աւելի քան ներշնչող են, ու անոնք, հակառակ երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններուն, կը շարունակեն արձանագրել փայլուն եւ հպարտառիթ արդիւնքներ։ 

Այս առումով ուշագրաւ լուր մը ստացանք Այնճարի հարազատ զաւակներէն՝ Քաթրին Աշգարեանէն որ իր ուսման համար մեծ փուլ մը կը թեւակոխէ:

Ստորեւ այդ մասին «Արեւելք»ի անդրադարձը, որ քաղած ենք համացանցի էջերէն:

Քաթրին Աշգարեան 2020 թուականին գերազանցութեամբ աւարտելէ ետք Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը, Կենսաբանութեան պսակաւոր գիտութեան վկայականը ստացաւ Լիբանանեան միջազգային համալսարանէն, որ դարձեալ աւարտեց գերազանցութեամբ: Ան ընտրուեցաւ մարդու սերումի կենսաբանութեան արհեստագիտութեան մագիստրոսի ծրագրին համար Սիէնա քաղաքի Սիէնայի համալսարանը (Սան Մինիատոյի հիմնարկ): Ան շատ ոգեւորուած է շարունակելու կենսաբանութեան նոր սահմաններ ուսումնասիրել՝ կեդրոնանալով յատկապէս բեղմնաւորութեան արհեստագիտութիւններու յառաջընթացի ուսումնասիրութեան վրայ՝ բեղմնաւորման բուժումը եւ վերարտադրողական առողջութիւնը բարելաւելու համար: Անոր ակադեմական ճանապարհը արտացոլացումն է անոր նուիրուածութեան գիտութեան սահմանները յառաջ մղելու, եւ մարդու վերարտադրումի եւ կենսաբանական արուեստագիտութեան աշխարհին մէջ նշանակալից փոփոխութիւն բերելու յանձնառութեամբ: 

Քաթրինին կը մաղթենք որ միշտ նոր բարձրունքներ նուաճելու փափաքը վառ մնայ իր մէջ: Թող Աստուած օրհնէ մեր աշակերտները Լիբանանի մէջ, մեր ազգի զաւակները ամէնուրէք, միշտ իրենց մէջ կրելու հայու սիրտը եւ վառ պահելով հայու հոգին ու կորովը: