image

Երուսաղէմի մէջ. Անդրանիկ Հինտոյեանի կորուստը

 Երուսաղէմի մէջ. Անդրանիկ Հինտոյեանի կորուստը

Օրերս Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի յարգուած անդամներէն, ՀՄԸՄ-ի վեթերան նուիրեալներէն՝ Անդրանիկ Հինտոյեանը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Հայեր՝ Երուսաղէմէն» դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմ մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը իրենց սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն՝ Տիկին Ժորժէթ Հինտոյեանին, քոյր Ազնիւ Եզեկէլեանին, եղբայրներ Յարութ եւ Լեւոն Հինտոյեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց ազգականներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, իրենց հօր՝

Տիար Անդրանիկ Հինտոյեանի (1951 - 2024) մահուան կապակցութեամբ։

Եղբայր Անդրանիկ Հինտոյեանը եղած է միութեանս գործունեայ եւ անձնուէր երէց անդամներէն, եւ երկարատեւ տարիներ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ. Երուսաղէմի մասնաճիւղը որպէս՝ վարչական, ուր տեւաբար իր սիրայօժար ու ինքնաբուխ ծառայութիւնը բերած է մասնաճիւղիս բոլոր գործունէութիւններուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. Երուսաղէմի վարչութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ննջեցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։

Թող եղբայր Անդրանիկի յիշատակը միշտ մնայ վառ եւ արժանանայ երկնքի արքայութեան։

Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր, Յունիս 1-ին, ժամը 16:00-ին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի Սրբ. Փրկիչ գերեզմանատան մէջ։