Պոլսոյ 138-ամեայ Կեդրոնական վարժարանը, օրերս, հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը հրաժեշտ տուած է վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի հունձքին, որ կը բաղկանայ 47 աշակերտէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցած է Գումգաբուի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Երէկ, 27 Յունիսին, համայնքէն ներս բազմաթիւ ընտանիքներու սիրտը կը բաբախէր 138ամեայ Կեդրոնական վարժարանի այս տարուայ շրջանաւարտներու համար։ Տօնական զգացումներով առլցուն մթնոլորտ պարզուած էր Գումգաբուի Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր վարժարանի շրջանաւարտները, իրենց ուսուցիչներն ու սիրասուն Տնօրէնուհին՝ Տիկին Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանը, կէսօրուայ ժամերէն սկսեալ էջեր կը լեցնէին վարժարանի նորօրեայ պատմութեան տարեգրութեան մէջ։
Աւանդութիւնը յարգելով, շրջանաւարտները յարգանքի տուրք մատուցին իրենց վարժարանի հիմնադիր Երանաշնորհ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի շիրմին առջեւ, այցելեցին Պատրիարքարան, յետոյ համախմբուեցան՝ վկայականներու տուչութեան հանդէսի համար։
«Մարմարա»ի համար ալ ուրախ պահեր էին, որովհետեւ խմբագրակազմին հարազատ ընտանիքներու զաւակներ կամ թոռնիկներ ընթացաւարտ կ'ըլլային, ողջունելով կեանքի նոր հանգրուանին. կրթական վաստակաշատ մշակներ՝ Ժագլին Էրմէնի, Նատիա Աւիթօղլուի, Եղիսաբէթ Չաթանասլանի թոռնուհիները՝ Տեսիլ, Լիլիան եւ Տարփին, թերթիս ողբացեալ աշխատակից Խորէն Մանաւեանի թոռը՝ Տիրան Մանաւեան, Պէյօղլուի թաղականներէն Զարեհ Գարագաշի որդին՝ Արասը, Լուսաւորիչ երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ հաղորդավար, համայնքային գործիչ Գարոլին Մամիկոնեանի որդին՝ Տիրանը, նաեւ ծանօթ քանի մը անուններ Կեդրոնականի այս տարուայ հունձին մաս կը կազմէին յիշարժան յաջողութիւններով։
Սրտի բաբախումով, հպարտութեամբ ու խանդաղատանքով լեցուած, ականատես եղանք բացառիկ օրուայ հանդիսութեան, որ այսօրուայ արժեզրկումի պայմաններու մէջ յիշեցուց սրբութիւնները, որոնք դեռ վառ կը մնան մեր մշակոյթի ու կրթական միջավայրէն ներս։
Որդւոց Որոտման եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր շրջանաւարտներու ընտանեկան պարագաներով, հիւրերով ու հրաւիրեալներով։ Ծաղկազարդ կամարի տակէն անցնելով շրջանաւարտները հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին սրահ, ուր, այս անգամ արցունքները ուրախութեան համար էին։
Մեր հոգեւորականաց դասէն՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գրիգոր Աւ. Քահանայ, Զատիկ եւ Յովակիմ Վարդապետները, Շիրվան քահանան հրաւիրեալներու միջեւ կը գտնուէին։
Ազգային բարերար Հայկ Ասլանեան, որ վարժարանի երիցագոյն սան ըլլալու պատիւը կը վայելէ, միաժամանակ իր կեանքի օրինակով կ'ոգեշնչէ նորահաս սերունդը, հո՛ն էր որպէս կենդանի առասպել, որպէս հաւատարմութեան եւ անդադրում նուիրումի ապրող խորհրդանշան։
Խօսնակներն էին՝ Լիլիան Աւիթօղլու եւ Տիրան Մամիկոնեան, որոնք ողջոյնի խօսքը արտասանելէ ետք, հայերէն ու թրքերէն լեզուներով գործադրութեան դրին յայտագիրը։
Խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան վալս պարով մը, յետոյ Լիլիան Աւիթօղլու դաշնակի վրայ երկու յօրինում նուագեց, հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով յանուն իրենց ընկերներուն, հրաժեշտի խօսք արտասանեցին Տեսիլ Էրմէն, Վալերի Արսլան, Անտրէա Ըրկաւ, Լիա Նեւրուզ եւ Լեթիսիա Տապաքօղլու։
Եւ ահաւասիկ՝ վկայականներու եւ նուէրներու յանձնման պահը։ Տնօրէնուհի Տիկին Սիլվան լաւագոյններու անունները յայտարարելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք հայկական վարժարան առաջնորդած էին իրենց զաւակները։ Ընդգծեց որ հայ վարժարանները որեւէ բանով ետ չեն մնար տեղական մասնաւոր գօլէճներէն, բացառութեամբ քանի մը յատուկ դպրոցներու։ Տնօրէնուհին յատկապէս շեշտեց նաեւ որ մեր դպրոցները նախ եւ առաջ ինքնութեան ծանօթացումը կը կատարեն պատրաստելով հետագայ կեանքին։
Նախ եւ առաջ յայտարարուեցան հայերէն դասերու մէջ աչքառու երեք աշակերտուհիներու անունները։ Տեսիլ Էրմէն, Լիլիան Աւիթօղլու եւ Տարփին Կորեան հասած էին հայախօս ու հայաբոյր ընտանիքներէն եւ ինչպէս նշեց տնօրէնուհին, իրենց մեծմայրիկներէն աւանդուած սիրով ու նուիրումով փայլած էին՝ հայոց լեզուի հանդէպ ունեցած գիտելիքով ու վերաբերումով։
Յաջորդեցին աշակերտներ, որոնց ծնողքը եւս Կեդրոնականցի եղած էին։ Թէ՛ Տնօրէնուհին, թէ միւս ելոյթ ունեցողները, իւրաքանչիւր շրջանաւարտի համար գտած էին խօսք, գնահատանք եւ յիշատակ, դարձնելով օրը անձնական եւ անմոռանալի՝ բոլորի համար։
Դպրոցի լաւագոյն շրջանաւարտն էր Աքսէլ Եազմաճը, որ իր վկայականը, նաեւ «Սարայլը» ոսկեդրամը ստացաւ Պր. Հայկ Ասլանեանի ձեռամբ։ Հայկ Ասլանեանն ալ ըսելիք ունէր տղոց։ Իր անձնական կեանքէն յիշատակ մը պատմելով, ըսաւ որ շրջանաւարտները իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, ուր ալ որ երթան, հպարտութեամբ պիտի ըսեն որ վկայուած են Կեդրոնականէն։
Միւս բոլոր շրջանաւարտներն ալ նոյն խանդավառ մթնոլորտի մէջ ստացան իրենց վկայականներն ու նուէրները։ Այսպէս՝ հանդէսը վերածուեցաւ ո՛չ միայն կրթական ճամբու մը աւարտի, այլ նաեւ սրտաբուխ երախտագիտութեան ու հարազատութեան վերապրումի թանկագին պահու մը, անկրկնելի զգացումներով։
Չէին մոռցուած նաեւ երեք ուսուցչուհիներ, որոնց աշխատանքային կենսագրութեան քսանամեակը կը լրանար այս տարի. Տիանա Պուլտուք-Եանարտաղ, Սէրտա Ինեափան-Գարակէօզեան եւ Սէլին Քէշիշօղլու-Աթասէվ, որոնց նոյնպէս յանձնուեցան յուշանուէրներ։
Հաւաքոյթի հուսկ բանքը արտասանեց Արամ Սրբազան, յորդորելով որ տղաքը միշտ բան մը աւելցնեն իրենց ինքնութեան նկարագրի վրայ, այլ ո՛չ թէ զիջանին պատկանելիութենէն։
Շրջանաւարտները շնորհաւորելու համար հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ, ուր Ծնողաց Միութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը սարքած էր. տղաքը հոս իրենց «քէփ»երը նետեցին ներկաներու ջերմ ծափերուն տակ։
Օրեր առաջ հնչած էր դպրոցական վերջին զանգը, տղաքը «մնաս բարով» ըսած էին դպրոցական հէքեաթին, իսկ այս վերջին մէկտեղումը՝ թէ՛ հրաժեշտ էր, թէ՛ ողջոյն ապագային։ Անոնք այլեւս չափահաս էին, այլեւս կեդրոնականցի նախկին շրջանաւարտ, տեղ բանալով յաջորդներուն։
Ն. Ս.