image

Պոլիս. «Ակօս»էն 2 հրատարակութիւն «ՔԱՐԷ ՊՈՒՊՐԻԿ»ը եւ «ՄԱՅՏԱ»ն

Պոլիս. «Ակօս»էն 2 հրատարակութիւն «ՔԱՐԷ ՊՈՒՊՐԻԿ»ը եւ  «ՄԱՅՏԱ»ն

«Արաս» հրատարակչատունը երկու նոր գիրք եւս կը դնէ ընթերցողներու սեղանին վրայ։

Առաջինը Սօնա Տէր Մարգարեան-Թնկըրեանի «Քարէ պուպրիկխ թատերախաղն է, որ որպէս թատերական գանձ մը վեր հանուած է մոռացութեան փոշիէն եւ 77 տարի յետոյ առաջին անգամ հրատարակուած՝ որպէս գիրք։ «Քարէ պուպրիկ»ը առաջին անգամ բեմ ելած էր 1948ին, Պոլսոյ մէջ, իսկ հիմա ահաւասիկ որպէս անջատ հատոր մը կը ներկայացուի գրասէրներուն։  Չորս արարներով կառուցուած այս ստեղծագործութիւնը ընթերցողը կը տանի դէպի 1940-ականներու Պոլիս՝ պատուհան մը բանալով պոլսահայ ընտանիքներու, երիտասարդներու իտէալներուն եւ հոգեբանական պայքարներուն մէջ։

Գիրքը կը ներկայացուի որպէս կարեւոր տուեալ մը՝ արեւմտահայ թատերական ժառանգութեան, լեզուի պատմութեան եւ 20-րդ դարու պոլսահայ ընկերային կենսակերպը ընկալելու համար։ «Քարէ Պուպրիկ»ը կը բանայ մոռցուած վարագոյր մը եւ կը լուսաւորէ հայերէն բեմը՝ շունչ տալով այն հերոսուհիներուն ու հերոսներուն, որոնք ապրած են թատրոնէն անդին՝ սիրով, կորուստով, երազով եւ...  քարացած յոյզերով։

«Քարէ Պուպրիկ»ը միաժամանակ ինքնատիպ վկայութիւն մըն է արեւմտահայ թատերգութեան լեզուի զարգացման եւ ժամանակաշրջանի կենցաղի ու ներաշխարհի վերաբերեալ։ Այդ է պատճառը որ հեղինակը, դիպուկ բնորոշումով մը ի ցոյց կը դնէ թատերախաղի հերոսուհիի ողբը ու սապէս կը խօսի անոր բերնով. «Ի՞նչ տուիք ինծի այն մաքուր սիրոյս փոխարէն։ Քարէ պուպրիկ մը սեղմեցի իմ կուրծքիս՝ ամբողջ տասը տարի»։ Այդ պուպրիկը՝ քարացած յիշատակ մը, կեանքի ամբողջ հեւքը կ'ամփոփէ, այսինքն թատերախաղը կը խօսի ոչ միայն անհատական սիրոյ ձախողման, այլ նաեւ ազգային, մշակութային ու ընկերային զեղումի մասին։ 

Այս հրատարակութեամբ, արխիւային արժէք ստացած թատերգութիւնը նոր շունչ կը փչէ հայալեզու բեմին մէջ՝ հաստատելով, որ մեր թատերագրական ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու ներշնչել։

Գալով հեղինակին, յիշեցնենք որ Սօնա Տէր Մարգարեան-Թնկըրեան ծնունդով Սամաթիացի է, դուստրը՝ բազմավաստակ ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանի։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ, ապա ուսանած է Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու մէջ, որոնցմէ վերջինը աւարտած է 1936-ին՝ իբրեւ առաջին երկսեռ դասարաններուն շրջանաւարտ։  Տարիներ շարունակ եղած է ուսուցչուհի, միաժամանակ հետեւած է երաժշտական ուսումի։ Իր գրական ճանապարհին սկսած է 1940-ականներուն՝ գրելով պատմուածքներ։ 1948-ին միացած է «Արփի» թատերախումբին եւ անձամբ մարմնաւորած է «Քարէ Պուպրիկ»ի գլխաւոր դերասանուհին։ 1950-ին լոյս տեսած է պատմուածքներու առաջին հատորը՝ «Կեանքի մէջէն», եւ 1968-ին՝ երկրորդը՝ «Կեանքի հետ», որուն մէջ ընդգրկուած են վեց վիպակներ եւ «Մարուքեանները» վէպը։ Կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Նիւ Եորք, ուր մասնակցած է Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան աշխատանքներուն եւ խմբագրած՝ «Վէմ» անունով պարբերաթերթը։ Սօնա Տէր Մարգարեան-Թնկըրեան մահացած է Նիւ Եորք։ 

***

«Արաս»էն լոյս տեսած երկրորդ նորատիպ հրատարակութիւնը Սրբուհի Տիւսափի «Մայտա»ն է, որպէս գրական եւ հասարակական ապստամբութեան խորհրդանիշ։ Այս հատորը հրատարակուած է «Արաս»ի նոր՝ «Իսթանպուլի հայ կին գրողներ» մատենաշարէն։ «Մայտա»ն միայն վէպ մը չէ, այլ ճակատում մը։ Հայերէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1883-ին, «Զարդարեան» տպարանին մէջ։

«Մայտա»ն առաջին վէպն է՝ գրուած եւ լոյս տեսած արեւմտահայերէնով, կին գրողի մը կողմէ։ Այս գործով Տիւսափ ո՛չ միայն դարձաւ պատմութեան մէջ առաջին հայ կին վիպասանը, այլ միաժամանակ եղաւ առաջիններէն մին, որ գրականութեամբ հարցականի տակ առաւ կնոջ ինքնութիւնը, հայ կնոջ դիրքը եւ դերակատարութիւնը՝ հասարակութեան մէջ։  

«Մայտա»ն կը ձգտի ո՛չ միայն գրական արժէք ունենալ, այլ արթնցնել ձայները, որոնք դիտումնաւոր կերպով լռեցուած կամ մոռացութեան մատնուած են։ Հերոսուհիի նպատակն է վերադարձնել Իսթանպուլի հայ կիներու գրական ժառանգութիւնը ներկան, յիշել, յարգել եւ տեսանելի դարձնել անոնց ներկայութիւնը, պայքարը եւ ձգտումները։ 

Գրքի կողքին վրայ արձանագրուած են Տիւսափի հետեւեալ տողերը. «Իմ վէպով նպատակ ունէի անդրադառնալ խոր անարդարութիւններուն, որոնք արմատացած են մեր հասարակութեան մէջ։ Հետեւաբար, ես չունէի մեծ կամ յաջող վէպ մը գրելու ախորժակ. իմ միակ ցանկութիւնն էր՝ ճշմարտութիւնը ցոլացնել ընդունելի ձեւով մը։ ...Եթէ իմ աշխատանքը հեռու է կատարելութենէ, կը հայցեմ ընթերցողիս ներողամտութիւնը։ Բայց վստահ եմ, որ այս գիրքը գրուած է խղճի վրայ հիմնուած ճշմարտութեան քաջարի զգացումով։ Եթէ ես պիտի վիրաւորեմ ոմանք, ես գիտեմ։ Բայց գրչիս նպատակն է՝ ճշմարտութիւնը մերկացնել։ Չէ՞ որ ճշմարտութիւնը արտասանելն իսկ՝ նահատակութեան ամենաբարձր ձեւն է»։

Յիշեցնենք որ Սրբուհի Տիւսափ ծնունդով օրթագիւղցի է։ Լոյս աշխարհ եկած է 1841-ին՝ հարուստ եւ մտաւորական կաթոլիկ ընտանիքի մը մէջ։ Սորված է ֆրանսերէն, իտալերէն եւ յունարէն՝ մասնաւոր ուսուցմամբ, եւ խորացած է պատմութեան ու փիլիսոփայութեան մէջ։ Իր մօր՝ Նազլը Վահանի բարեսիրական գործունէութեան շնորհիւ, մանկութեան տարիներէն հետաքրքրուած է ընկերային հարցերով։

Տիւսափ 1879-ին մասնակցած է «Դպրոցասէր Հայուհեաց Ընկերութեան» հիմնադրութեան՝ նպատակ ունենալով ուսուցչուհիներ պատրաստել հայ աղջիկներու համար։ Իր գրական գործունէութիւնը սկսած է 1880-ականներուն՝ գրելով երեք վէպ, որոնց մէջ ան կեդրոնացած է կնոջական կերպարներու վրայ՝ համարձակօրէն հարցականի տակ առնելով հայ հասարակութեան «աւանդական» կառոյցը եւ կանանց ազատութեան ու ինքնութեան պայքարը։

Տիւսափ մահացած է 1901-ին եւ թաղուած՝ Բանկալթըի լատին կաթոլիկ գերեզմանատան մէջ։