image

Պէյօղլուի գաւառապետը այցելած է Էսաեան վարժարան եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցի

Պէյօղլուի գաւառապետը այցելած է Էսաեան վարժարան եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցի

Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ, օրերս, այցելած է Էսաեան վարժարան, նաեւ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին՝ ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի կրթական տնօրէնին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ, 2 Փետրուարին, այցելեց Էսաեան վարժարան եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցի։ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան եւ եկեղեցւոյ վերանորոգութենէ պատասխանատու Թաղային Խորհուրդի անդամ Կիւլիւզար Արթուչ, ինչպէս նաեւ վարժարանի զոյգ տնօրէնները ողջունեցին յարգարժան գաւառապետը։

Էսաեան եղբայրներու բարերարութեամբ կառուցուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անցեալին, գործունէութեան եւ կարեւորութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան։ Գաւառապետ Աթասոյ ուրախութիւն յայտնեց, որ եկեղեցին բարենորոգուած ըլլալով իր անցեալի տեսքին արժանացած էր։ Նմանօրինակ կառոյցներ, անցեալը կը կամրջեն ներկային։

Այցելութեան ի յիշատակ, գաւառապետ Աթասոյին նուիրուեցաւ նաեւ «Վերաբացում Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ» գիրքէն օրինակ մը։

Գաւառապետ Աթասոյ ապա այցելութիւն տուաւ Էսաեան վարժարան։