Հայաստանի մէջ փետրուար 13-14-ը «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս պիտի կայանայ երկկողմ կլոր սեղան, որու ընթացքին պիտի հանդիպին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչները։ Բացի «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան հիմնական մասնակիցներէն, այս կլոր սեղանին պիտի ներգրաւուի նաեւ երկու կողմերէն մասնակիցներու աւելի լայն խումբ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է ցամաքային սահմանի սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածով՝ անցնելով բոլոր համապատասխան ընթացակարգերը։ Ասիկա կարեւոր գործնական քայլ կը հանդիսանայ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։
Քննարկումներու ընթացքին հայկական եւ ատրպէյճանական քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչները պիտի անդրադառնան 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի գագաթնաժողովին հաստատուած խաղաղութեան օրակարգէն բխող գործընթացներուն։ Առանձին նիստեր պիտի կեդրոնանան ձեւաւորուող տարածաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան, խաղաղութեան օգուտներուն, երկու հասարակութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման հանրային ընկալումներուն, տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման եւ վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան դերին վրայ։
Հրապարակուած են նաեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու կազմերը։ Ատրպէյճանի քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներէն Հայաստան եկած է ընդհանուր 19 մասնակից, այդ շարքին՝ լրագրողներ։ Հայկական կողմէն կայ 20 մանակից։