image

Արժէքաւոր ու հրատապ հրատարակութիւն մը. Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020). Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Արժէքաւոր ու հրատապ հրատարակութիւն մը.  Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020). Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Արժէքաւոր Ու Հրատապ Հրատարակութիւն Մը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ (1920-2020)

ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

Պէյրութ, 2025

Լիբանանահայութիւնը, լիբանանեան կեանքին մէջ, գործօն եւ աչքառու, շնորհաշատ եւ ազդու ներկայութիւն մըն է, այն օրէն սկսեալ, երբ դարձաւ տարագրուած ու գաղթականացած, տեղահանուած ու վտարանդուած խլեակներու զանգուած մը, ապաստան գտնելով, յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ տարածքներուն մէջ։

Այն պահուն, երբ զգալի դարձաւ, որ «հայրենիք ու տուն» վերադարձը, համարեա անկարելի էին, այլեւս այլընտրանք չկար, բացի, յարմարուելէ ու համակերպելէ նոր ու տարբեր իրականութեան մէջ, որ կը կոչուէր «տեղակեցութիւն», հոն գտնելով, իր ելիցն ու վերակենդանացումը, ակամաօրէն ու պարտադրօրէն։

Հայը, սակայն, չէր կրնար մնալ ձեռնունայն, ողորմածու, անկար եւ անբան, ընդհակառակը, վճռակամօրէն ու հաստատակամօրէն, լծուեցաւ իր կեանքը վերակազմակերպելու, վերադասաւորելու ու վերահունաւորելու կառուցումին, հաւատալով որ, տուեալ կացութաձեւերու արժեւորման եւ արդիւնաբերման համար, միակ ճանապարհը, յաղթահարելն է բարդ եւ բիրտ մարտահրաւէրները, իսկ այդ կամքը, հեռանկարը եւ անտեղիտալիութիւնը, երբեք չէին կրնար իրեն համար ըլլալ անցարգելներ ու պատնէշներ։

Ժամանակները ցոյց տուին, որ հայը, ինչպէս միշտ, սխալած չէր, ոչ ալ իր ուշադրութենէն վրիպած էր, թէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ իր գոյակռիւը ու վերապրումը շարունակել ու պտղաբերել, իր ինքնութեան ու պատկանելիութեան կառչածութեամբ, իր անհատական սիւներն ու կայմերը խարսխելով։

Իսկ ատոնք ի՞նչ կրնային ըլլալ, եթէ ոչ հաւատարիմ մնալ իր ակունքներուն, լեզուով ու մշակոյթով, տեսիլքով եւ արուեստով, ռազմավարական եւ իրատեսական ըմբռնողութեամբ, գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ դառնալու ջահակիրը այն հոգեժառանգութեան, որ հիմնական զէնքն է իր վերազարթօնքին։

Դժուարին պայմանները, դաժան արահետները, խստաբարոյ ոլորապտոյտները բազմաթիւ ու բազմագոյն էին, որոնք շրջապատած էին զինք, բայց, միթէ՞ կարելի էր նահանջել կամ յանձնուիլ անորոշութեան, երբ ամէն ժամանակէ աւելի, հայութիւնը չէր կրնար մնալ անտէր, այլ՝ իր ուժերուն վստահելով եւ ապաւինելով իր կարողութիւններուն, ան միակ ուղին կը տեսնէր, պայքարիլ, յանուն իր լինելիութեան, որուն համար պատրաստ էր ամէն զոհողութեան, նուիրաբերութեան ու ձեռներէցութեան։

***

Բնական էր, որ դիմագրաւելու համար, տարբեր կարգերու աղէտները, զանազան խոչընդոտները, տիրող ճնշամիջոցները, հայը հաւատացած էր, որ իր վերելքն ու վերակնգնումը, կրնայ օգտակար ու նպաստաբեր դառնալ, միան այն վէմերով, որ իր ժողովուրդին տուած են հզօրութիւն ու տոկունութիւն, շարունակականութիւն եւ յարատեւութիւն։

Իսկ ատոնք կը ձեւաւորուէին, կը դրսեւորուէին ու կը ծաղկէին միայն ու միայն այն հումքերով ու հնարքներով, որոնք հայութեան կենատու աւիշը եւ աւիւնը կը կազմէին։

Վկա՛յ՝ հայուն պատմութիւնը ու գոյապայքարը, որ՝ հայութիւնը այդ սկզբունքով ու տեսլականով, տոգորուած ու պարուրուած, ինքզինք յանձնեց այն հոսանքներուն, որոնք իր էութեան հարազատութեամբ կը գործէին ու կը պահէին զինք, որպէս ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ կռուաններու ծլարձակող փունջեր։

Այս բոլորին համադրումն ու համատեղումն էին, որոնք կայծ ու խայծ դարձան, որ ցեղասպանուած հայութեան «մնացորդաց»ը, երբեք չընկճուի, չթուլնայ, այլ՝ նոր լիցքով ու թռիչքով երբեք չկքի, չխոնարհի, յանուն իր նահատակներուն ոգեղնիութեան, անսասանութեան եւ յիշատակութեան։

Արդարեւ, եթէ Լիբանանը եղաւ ազնուաբարոյ հիւրընկալ երկիր մը, իր ասպնջականութեամբ եւ յարգելիութեամբ, հայը եղաւ ոչ միայն արդիւնաբեր ու գործունեայ քաղաքացի, այլ՝ շինարար, պարկեշտ, անկեղծ, նուիրեալ ու պատրաստակամ, որուն նկատմամբ սնուցուեցաւ սէր, գոհունակութիւն ու վստահելիութիւն, անոր մէջ տեսնելով ու գտնելով իսկական Մարդը, համաքաղաքացին, բարեկամը, դրացին ու կառուցողապաշտը։

Յատկութիւններ ու բնաւոութեան գիծեր, որոնք միշտ եղած են հայուն նկարագրային բնորոշ կողմերը, իրենց զանազան արտայայտութիւններով, մտերմութիւններով եւ մերձեցումներով։

Կարճ ժամանակամիջոցներու անցումով ու զարգացումներով, կայք հաստատած լիբանանահայութեան բեկորները, դուրս գալով իրենց կաղապարներէն ու կապանքներէն, սկսան հետզհետէ իրենց կեանքը նորմալացնելու ու պատշաճեցնելու միջոցներով, բարելաւելու ու բարեկարգելու, չափաւորելու ու ձեւաւորելու, ոչ միայն բարեկեցիկ ու հանգստաւէտ կեանք մը ապահովելու համար, այլ նաեւ՝ չմոռնալու իրենց պապենական հայրենիքը, իրենց բռնագրաւուած հողերը, իրենց անկորնչելի դատը ու հայկական պահանջատիրութեան համայնական հրամայականները։

***

Այս հակիրճ մուտքը եւ անմիջական մտորումը, պարզապէս երկա՜ր շարանի մը համառօտ մէկ թեւն է, անցնելու համար այն հիմնական նիւթին, որ լիբանանահայութեան կարգավիճակն է, իր բնակութեամբ, արտադրողականութեամբ, բնակեցութեամբ, տնտեսութեամբ, առեւտրականութեամբ եւ, ընդհանրապէս, իր աշխատունակութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ ու ստեղծագործութեամբ։

Հետեւաբար, եթէ հայը Լիբանանի մէջ, իր զարթօնքը վերապրուելու անկիւնադարձին առջեւ կը գտնուի, ատոր միակ բանալին է, եկեղեցւոյ ու դպրոցի կողքին, իր մշակոյթն ու արուեստը, որոնք արեւու հզօրութեամբ ու թափանցիկութեամբ կը փայլին ու կը փայլեցնեն շրջապատը։

Անտարակոյս, ա՛յդ է հիմունքը, որ լիբանանահայութիւնը, իր կենսունակութիւնը ու կենարարութիւնը ապացուցելու ու հաստատելու համար, առաջնահերթութիւն պիտի տար այն երակներուն ու հոսանքներուն, որոնք զինք կրնան շնչաւորել ու կենդանացնել դէպի այն աղբիւրները, ուրկէ կարելի է ամէն ինչ հեզասահել ու հարթել։

Երբ որ ապուստային եւ աշխատանքային կեանքը դարձաւ, համեմատաբար, աւելի տանելի ու ձեռնտու, կրթական-կրօնական հիմնաւորումն ալ՝ հոգեբաւարար ժամանակի թաւալքին հետ, կարիքը զգացուեցան՝ ազգային կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հայրենակցականներու, մարզակումբներու, ընկերատեղամասերու ու յարակից զանազան հաւաքամասերու շինութեան, հաստատումին, հիմնումին ու կառուցումին, որպէսզի ժողովուրդը, երէցներով, չափահասներով, երիտասարդներով թէ պատանիներով, նախ՝ գոհացում ստանայ զիրենք հետաքրքրող մարզերէն, ապա՝ հայկական մթնոլորտը իր ժառանգական եւ աւանդական սովորոյթներով ու հոլովոյթներով, դառնան յաւելեալ օճախներ, որոնց շէնացման եւ ուռճացման իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բոլորը, որպէս հայապահպանումի կեդրոններ ու հայակերտումի խարիսխներ, նաեւ՝ հայրենասիրութեան պատուհաններ ու հայրենատիրութեան ազդակներ, հայոց լեզուն, մշակոյթը, արուեստը եւ ընդհանրապէս, հայկականութիւնը միշտ մնան վառ, արթուն ու զգաստ, թարմացնող ու հրապուրող երանգներ։

***

Այս շարժումները, կազմակերպումներն ու կենդանացումները, անտարակոյս, տեսանելի լիցք եւ եռանդ տուին աստիճանաբար կազմաւորուող ու հասունցող լիբանանահայութեան, որ՝ ընտելանալու համար, նոր տեղակարգերուն ու կացութավայրերուն, այսպէս կը փորձէր տնօրինել իր ընթացիկ կեանքը, վաղուան լաւատեսութեամբ եւ յուսադրելիութեամբ։

Ճիշդ էր այդ մօտեցումը, ճիշդ էր մտածումը, ճիշդ էին նաեւ բոլոր կարգի ազգային պատասխանատուներն ու առաջնորդները, քաջ գիտակցելով, որ՝ իրենք որպէս «հովիւ»ներ, իրենց «հօտ»երուն պահապան-հրեշտակներն էին եւ ազգային պահանջքներու ու պարտաւորութիւններու առումներով, անոնց հոգեմտաւորականութեան, հոգեհարազատութեան ու հոգեիրականութեան «լուսաւորիչ»ները։

Աւելի ուշ, երբ լիբանանահայութիւնը սկսաւ լիբանանեան շուկային մէջ դառնալ կարող ու ստեղծագործող արհեստաւոր, հմուտ ու ճարպիկ առեւտրական, յաջողած գործարար ու վաճառական, վստահելի համաքաղաքացի ու գործընկեր, արդէն ապացուցել սկսած էր, որ ինք ոչ միայն մնայուն ներկայութիւն մըն էր, այլեւ՝ գործօն մասնակից մը լիբանանեան վերելքին մէջ։

Անմիջական յետագային ալ պարզուեցաւ, որ լիբանանահայը, իր ընդունակութիւններով ու կարողութիւններով, շնորհքներով ու ձիրքերով, հմտութիւններով ու վարպետութիւններով, հետզհետէ սկսած էր հասնիլ բարձրագոյն դիրքերու ու պատասխանատու պաշտօններու, արժանանալով բոլորին հիացմունքին ու յարգանքին, պետական, կառավարական թէ առեւտրական ասպարէզներէն ներս։

Լիբանանցի հասարակութիւնը, իր զանազան թեւերով ու համայնքներով, խոր համակրանքով ու սքանչացումով, կը հետեւէին լիբանանահայութեան այն արժանիքներուն, որոնք մարդկայնութեան ու տեղաբնիկութեան, համերաշխական ապրումի կողքին, օժտուած էին՝ թէ՛ խելամտութեամբ ու խոհեմութեամբ, թէ՛ ճարտարութեամբ, թէ՛ ձեռարուեստութեամբ, փայլուն ու բարգաւաճ բնորդ էին։

Մեծ համարումը, որ կը տածուէր լիբանանահայ աշխատաւոր եւ արհեստաւոր շրջանակներուն նկատմամբ, աւելի թափ ու մղում ստացաւ, երբ արուեստին մէջ անոր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները, դարձան վարակիչ եւ օրինակելի, որոնցմէ սորվելու, ընդօրինակելու ու հետեւելու առիթները վերածուեցան համալիբանանեան ու նոյնիսկ համարաբական նմոյշներու։

***

Մեր այս հպանցիկ գրառումներով ու բարձրաձայն մտորումներով, փորձեցինք ընդհանուր պատկեր մը տալ, թէ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի մէջ, ի՞նչ կարգաիճակ ունէր, ի՞նչ հանգրուաններէ անցած էր, ի՞նչ ներկայութեամբ ապրած է, ինչպէ՞ս գոյատեւած է, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ դիմագրաւած եւ ո՞ւր իր ինքնութիւնը ապացուցած ու հաստատած է։

Սակայն, անկախաբար այդ լայնածիր ու խորախորհուրդ մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու կամ մխրճուելու անոնց մէջ, որոնք, իրօք, մէկէ աւելի հատորներու ու հաստափորներու կը կարօտին, այսօր, մեր առջեւ հրամցուած է պատկառելի յուշագիրք մը, յուշամատեան մը, որ երբեք ալ լռակեաց չէ, այլ՝ հարիւր տարուան համայն կեանքի մը պերճախօս ու գօտեպինդ պատկերն է, իր թատերական ներկայացումներով, որուն բոլոր հեղինակները, նուիրեալները, ծառայողները, գործիչները, կազմակերպիչները, հովանաւորները, իրականացնողները, նշանաւորողները եւ բազմաթիւ այլ տարրեր, անհատաբար թէ համախմբօրէն, նոր ու կենսախինդ ոճով, վճռակամական ուղիով, անյողդողդ հրայրքով, թարմաշունչ հմայքով ու հպարտալի մասնակցութիւններով, կրցան լիբանանահայ գաղութին պարգեւել զօրաւոր տենջ մը, տաքուկ գգուանք մը եւ ազնուական զգացում մը, որ ուրիշ տարբերակ մը չէր կրնար տալ կամ շնորհել։

Ատիկա ի՞նչ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ շնորհածին, նուիրածին, ստեղծաշէն, գրաւչակուռ ու պատուակշիռ այն արուեստը, որ կը կոչուէր, մեծատառ.

ԹԱՏՐՈՆ

Արուեստի աշխարհ մը, որ անկրկնելի էր, իր հունձքով ու դաստիարակութեամբ, ժողովրդականութեամբ ու համայնականութեամբ, պերճագրութեամբ ու զրուցագրութեամբ, որուն առաւելութիւններն ու բարեկամասնութիւնները, ուղղախօսութիւններն ու իրապաշտութիւնները, հայ ժողովուրդին համար եղած են այնքան կենսատու, հոգեւորատու եւ իրաւատու, ոչ միայն «անցողակի» ըլլալու հաւանականութեամբ, այլ՝ դառնալու կուռ դպրոցի մը ամրագրութեամբ ամրոց մը, ուր սերունդներ, իրենց անցեալի, ներկայի թէ ապագայի ընթացքով, յառաջխաղացքով ու տեղաբաշխումով, կրնան պատմութիւն կենդանացնել, իրականութիւններ հրամցնել, ճշմարտութիւններ պարզել, հերոսատիտաններ կերտել ու նկարապաշտութիւններու զարկ տալ։

Ճիշդ է, թատրոնը, աւելի քան լայն տարողութեամբ ու բովանդակութեամբ անսահման շտեմարան է, իր արծարծած նիւթերով, պատմականութեամբ ու պատմելիութեամբ, նկարագրութեամբ ու նկարագրելիութեամբ, ողբերգականութեամբ ու կատակերգութեամբ, դաստիարակութեամբ ու խոհականութեամբ, զգացականութեամբ եւ առարկայականութեամբ, բայց, ճիշդ է նաեւ, որ ան լոկ արուեստի մէկ արտայայտութեան չափանիշ չէ, այլ՝ մարդկային կեանքին մէջ, իր պատկերը եւ կրկնօրինակը ունենալու փորձադաշտ մըն է, ուր՝ դէպքեր ու դէմքեր, դերասաններ ու դերակատարներ, բեմադրիչներ ու բեմականացնողներ, թատերագիրներ ու թատերագէտներ, նաեւ թատրոնի հաշւոյն յանձնակատարներ ու գործադիրներ, բոլորն ալ կը կազմեն մէկ ամբողջականութիւն, մէկ միութիւն, մէկ համանուագութիւն ու մէկ համապատկերութիւն։

Արագ թւումով ու նկարագրումով, արձանագրումով ու տեսագրումով, թատրոնը ա՛յս է, ո՛ւր ալ գտնուի, ո՛ւր ալ գործէ եւ ո՛ւր ալ յայտնուի, բայց, հայուն համար, թատրոնը լոկ պերճանք չէ, ոչ ալ բերկրանք, ոչ իսկ հրճուանք, այլ՝ այդ բոլորը միասին ու միահամուռ խտացում մըն է, ուր ան կը դառնայ անգտանելի եւ անկրկնելի պեղումներու կալուած մը ու կը վերածուի ԻՍԿԱԿԱՆ թատերագիտութեան, թատերապաշտութեան ու թատերախոհութեան ովասիսի մը։

***

Լիբանանահայ թատրոնի ու բեմի բազմամեայ ու վաստակաւոր՝ դերասան, բեմադրիչ, թատերագիր, հեղինակ, թարգմանիչ եւ արուեստագէտ՝ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻն, ոչ միայն յանդգնութիւնն ու համարձակութիւնը ունեցաւ, այլեւ վիթխարի աշխատանքի մը լծուեցաւ (կամ լծուած էր), լիբանանահայ թատրոնի (1920-2020) պատմութիւնը գրառելու, իր բազմագոյն, բազմատեսակ, բազմաորակ, բազմահունչ, բազմալուսաւոր, բազմակողմանի ու բազմերես անկիւններով, կազմութիւններով, դրուածքներով, արձանագրումներով եւ եղելոյթներով։ Հատորը լոյսին եկած է «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի պատասխանատուներուն գնահատելի բարեհաճութեամբ։

Պէտք է ընդունիլ եւ ընդգծել, որ սփիւռքահայ պատմութիւնը, իր զանազան բազմաբղէտ շերտերով, ցարդ չէ արժանանացած ընդարձակ ու համապատասխան արձագանգներու, հրատարակումներու կամ հրապարակումներու, գէթ այս շրջագիծերէն ներս, բայց, այժմ այդ հաստկեկ հատորակազմը մեր տրամադրութեան տակն է, բոլորովին այլ տպաւորութիւն ձգելով. նկատի ունենալով անոր հարուստ բովանդակութիւնը, բազմազանազանութիւնը, բազմակերտաւորումը, բազմանշանակութիւնը ու բազմագեղութիւնը, որոնք, նման հրատարակութիւններու պարագային, կը դառնան եզակի ու բացառիկ երեւոյթներ։

Հատորը խմբագրած է ծանօթ հրապարակագիր եւ ազգային գործիչ՝ Վարուժան Թենպէլեան, «Փոխան յառաջաբան»ին մէջ, յաւուր պատշաճի անդրադառնալով Գնդունիի այս առարկայական եւ իրապաշտական աշխատասիրութեան, զայն արժեւորելով ու համադասելով, որպէս իւրայատուկ եւ ինքնաբացատրողական հարուստ թատերական բերքառատ դաշտ մը։

«Մուտք»ին մէջ (էջ 9-10), սահմանուած են այն բաժինները, որոնք կը կազմեն հատորին բաղկացուցիչ շերտշերը, յետագայ էջերուն մէջ լուսարձակի տակ առնելու համար անոնց մանրամասները, լայն չափերով, իրենց յատկացուած գլուխներուն մէջ, ապա, յիշեցնելով որ՝ այս ուսումնասիրութիւնը կ’ընդգրկէ հետեւեալ ժամանակաշրջաններու թատերական պատմութիւնը.

ա. 1920-1940, թատերական շարժումին ծնունդ, իր սկզբնական քայլերով ու տարրերով։

բ. 1940-1980, գլխաւոր թատերախումբերու կազմութիւն ու բեմադրիչներու գլխաւորութիւն, իրենց բեմադրութիւններով։

գ. 1980-2020, գործող թատերախումբերու ու թատերական գործիչներու թւում ու ներկայացում։

Այս առընչութեամբ, Գնդունի, համակարգած է թատերական շարժումը՝ 1940էն 1970 թուականներուն (էջ 15-23), ցանկագրելով այն թատերական խումբերը, որոնք բացայայտուած են՝ թիւով 14, տալով անոնց հիմնումին թուականները, ի հարկին՝ թատրոններուն, բեմադրիչներուն կամ բեմավարներուն անուններով (որքան որ յայտնի են)։

Յաջորդ գլուխը (էջ 23-85), կը պարփակէ «դերասաններ, թատերախումբեր եւ դէմքեր», ուր յիշուած են՝ Պօղոս Մենտիլեանը, Տիրան Աճեմեանը, Դաւիթ Էվերեկելեանը, Մանուէլ Մարութեանը, Աշոտ Մատադեանը, Կայծակ Գնդունին եւ ուրիշ դերասաններ, թատերախումբեր՝ «Լիբանանահայ Թատերախումբ», «Պետրոս Ադամեան», «Գերմանիկ», «Քուլիսականներու», «Գասպար Իփէկեան», «Թատրոն » թատերախումբեր, ինչպէս նաեւ խումբ մը ասմունքողներ, ինչպէս Թորոս Սպիտանեան, Վարդան Չարըքեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Խաչիկ Արարարտեան, Յակոբ Գույումճեան, Անի Եփրեմեան, եւ այլք։

Այնուհետեւ, «Դէմքեր եւ ձեռնարկներ» գլուխով (էջ 123-141), տեղադրուած է մեծարանքի, յուշագրութեան ու դասախօսութիւններու շարք մը, որ նուիրուած է զանազան յիշատակելի առիթներու, միջոցառումներու ու ձեռնարկներու։

«ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բաժնով (էջ 142-227) նշուած են անունները բեմադրիչներուն, ինչպէս Պերճ Ֆազլեան, Գրիգոր Սաթամեան, Վաչէ Ատրունի, Վաչէ Տօներեան, Յարութ Գնդունի, Վիգէն Ստեփանեան, Արտաշէս Յովհաննէսեան, Գրիգոր Տեկիրմենճեան, Երուանդ Ղազանճեան, Վարդան Մկրտիչեան։

Վերջին ծաւալուն մասով (էջ 227-381). արձանագրուած են՝ «Լեւոն Շանթ» (Համազգային), հայկական Շրջաուն թատերախումբ (Վաչէ Ատրունի եւ Լանա Ատրունի), «Երուանդ Օտեան» (ԹՄՄ), «Վարդան Աճեմեան» (Օննիկ Գանթարճեան), «Արտաւազդ» (ՆՍՄՄ) թատերախումբեր (Ս. Գալփաքեան, Լ. Թապաքեան, Յ. Երէցեան), Յարութ Գնդունիի, Զոհրապի եւ Սիմոն Մանուկեանի, Վարդան Մկրտիչեանի, Երջանիկ Մարգարեանի, Մուշեղ Մուղալեանի ու Վազգէն Մուղալեանի, հուսկ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի, Յովհաննէս Հելվաճեանի եւ Սուրէն Խտըշեանի թատերական համակ վաստակները, բոլորին համապարփակ կենսագրութիւններով իրենց թատերական կեանքով, խաղացանկերով, դերերով ու ներգործութիւններով։

Կարգ մը գլուխներու մէջ, տեղ-տեղ, աւելի ճոխացնելով ու վաւերականացնելով հատորը, մէջբերուած են «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին մասին, «Կարծիքներ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին մասին» «Թատերական արագ նօթեր», որոնք լոյս կը սփռեն հայ թատրոնին անցնող ճանապարհին վրայ եւ այն արձագանգները, որոնք կը լսուին ու կը հնչուին զանազան կողմերէ (մամուլ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, հանդիպում կամ քննարկում), իսկ ատոնք արժանայիշատակ բարենիշներ են, որոնք թատրոնին գրաւած դերին ու տեղին կու տան առանձնայատուկութիւն, որպէս ինքնադէմ եւ ինքնադրոշմ հարթակ։

***

Այս բարձրարժէք թատերահատորը, իր բովանդակութեամբ, արծարծելիութեամբ, իւրատեսակութեամբ եւ արժանաւորութեամբ, յիրաւի, կը հանդիսանայ հրատարակութիւն մը, որ իր արժեչափերով եւ չափանիշներով, գունագեղութեամբ եւ արտացոլացութեամբ, նոր ու բեղուն ակօս մը բացած է հայ թատրոնի ու թատրերգութեան պատմութեան մէջ։

Անշուշտ, առանց ընդհանրացնելու, խօսքը կը վերաբերի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ թատրոնաշխարհի մը խմորումին եւ անկէ ծլած ծնունդներուն, ծաղկած տեսքին եւ ճիւղաւորուած տերեւներուն եւ ունի մէկ ու միակ հասցէ մը, այս պարագային.

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆ ՈՒ ԹԱՏԵՐԱՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանահայութիւնը, իր եկուորութեամբ, կեցութաբնակութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ, ինչո՞ւ հպարտ ու բարձրադէմ կեցուածք մը պիտի չորդեգրէ, իր համեստութեամբ, շնորհալիութեամբ եւ անկեղծապաշտութեամբ, երբ՝ իր բոլոր ունակութիւնները ծառայեցուց Օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդին (անարժանաբար), ապա, յետեղեռնը զանոնք տրամադրութեանը տակ դրաւ հիւրընկալ լիբանանցիներուն, իր ամբողջական փորձագիտութեամբ ու հիմնական տարազումներով։

Եթէ մասնաւորենք այն ներմուծումները, ի մասնաւորի թատերական հորիզոնականներուն վրայ, լիբանանեան տեսլադաշտին մէջ, ահաւասիկ, հոս ալ, հայ թատրոնը եւ հայ թատերարուեստը, կը գտնուին առաջնորդող ու ստեղծագործող առաջնակարգի վրայ, որովհետեւ, հայ ժողովուրդը, ի ծնէ եւ ի բնէ ատոնց հոգեցունց ու հոգեպաշտ կրողները եղած են եւ այդ շունչով ալ հայ թատրոնը պահած են ի պատուի։

Գնդունին, իր ազգականական, հօրենական, թէ միութենական կեանքին մէջ, կրնա՞ր այլ ուղի ընտրել կամ ընթանալ տարբեր ճանապարհներէ, երբ հարազատական մթնոլորտը եւ ընտանեկան պայմանները (սկսելով բազմատաղանդ՝ Կայծակ Գնդունիէն), ստեղծած էին ուրոյն աշխարհ մը՝ Գնդունիական, ուր Յարութը, այդ ոգիով, դաստիարակութեամբ եւ ոգեշնչութեամբ ապրած էր, ազդուած եւ ներշնչուած, իսկ յետագային, իր արհեստավարժական փորձառութեան կողքին, չէր հրաժարած, չէր մոռցած, իր հոգեզաւակ արուեստը, գլխաւորութեամբ թատրոնին, ՀԱՅ թատրոնին, որուն նուիրուելու ու ծառայելու հուրը, միշտ ալ վառ մնացած էր, նոյնիսկ Հայկազեան Համալսարանը աւարտելէն ետք, հայեացքները ուղղելով, դէպի հայրենի գեղարուեստաթատերական ինստիտուտը, ուրկէ պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտելէ ետք, ծննդավայր-Լիբանան վերադառնալով, իր արուեստաշէն, արուեստախառն, արուեստաբուխ եւ արոեւստածին խօսքերը, ընդելուզուած՝ դերասանական-թատերական-բեմադրական-արուեստագիտական ներուժերը դնելով հայ թատրոնին վրայ, որուն նկատմամբ, իր պաշտամունքը, հոգեկանութիւնն ու սրտամօտիկութիւնը չափ ու սահման չունէին, իսկ ինք կը մնար անոր անխոնջ անբեկանելի, անկոտրում եւ անդրդուելի կայունութեամբ ու հզօրագիտութեամբ տոգորուած ՅԱՐՈՒԹը։

***

Երբեք պատահական չէ, ոչ ալ տարօրինակ, որ՝ Յարութին հաւատարմագրութեամբ ու ձեռնհասութեամբ, համագիտութեամբ եւ ողջմտութեամբ, հայ արուեստին ու հայ թատրոնին «առողջ հոգեզաւակ» մը մնար անտարբեր կամ հեռու այն կոչումներէն, զարգացումներէն եւ ապրումներէն, որոնք ուրիշ բան չէին կրնար ըլլալ, բացի իր հարազատութիւնները, նուիրաբերութիւններն ու ծառայամտութիւնները ի սպաս դնելու իր անհատական համոզմունքներուն եւ ընդհանրական ազգային առաջադրանքներուն։

Թատրոնը, այն ամրակուռ ու լուսաւորեեալ փարոսն էր, որմէ ինք ծնունդ առած էր, առաւել՝ որուն ջերմահոսութեան ու կենսասիրութեան աղբիւրն էր, որմէ ո՛չ կրնար հեռանալը, ոչ ալ զայն շրջանցել։

***

Այս հրատարակութիւնը, ոչ միայն իր բամակողմանիութեամբ ու բազմասեռութեամբ, այլեւ՝ հազուագիւտութեամբ եւ եզակիութեամբ, իսկապէս նորաշէնութեան ու նորակերտութեան ուշագրաւ եւ ոգեշնչող հպարտութիւն մըն է, իր մտայղացումով, իրագործումով, կազմաւորումով ու ձեւաւորումով։

Յարութը տքնաջան, ջանադիր ու հետեւողական աշխատանքով, տարիներու ընթացքին հաւաքած, կարգաւորած է թատերական այս հունձքը, կատարեալ բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, սրտամօտիկ հոգատարութեամբ ու լուրջ պատասխանատուութեամբ, փորձելով անկարելին կարելի ընել, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ թէ՛ գոհացուցիչ, թէ՛ ընդունելի եւ մանաւանդ, պատմական։

Եթէ Յարութը այս «խենթ»ութիւնը չըներ, կը տարակուսիմ, որ ուրիշը ըներ, այս տարողութեամբ, հաւաքագրութեամբ ու ծաւալագրութեամբ։

Իրաւամբ, նման գործ մը գլուխ հանելը, առանձին նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպչականութեամբ, ոչ աւելի, ոչ պակաս, հերոսութիւն մըն է, ատիկա պարտականութիւնը պիտի ըլլար թատերական շարժումներ ստանձնող կամ հովանաւորող կազմակերպութիւններուն, անոնք ըլլան անհատական թէ միութենական։

Այդ ծանր մարտահրաւէրը ինքնակամ յանձն առաւ Յարութը, առանց ոեւէ մէկուն արտօնութեան, առանց որեւէ մէկէն հրահանգ առնելու եւ առանց ոեւէ մէկը իրեն պարտականութիւն տալու եւ, այսպէս, լռիկ-մնջիկ, սուսիկ-փուսիկ, իր ամբողջ ոշւադրութիւնը կեդրոնացնելով այս «երախայրիք»ը պատրաստելու ու խնամելու, յղկելու ու մշակելու, կոկելու եւ ողորկելու, մինչեւ որ ան աճի ու պարարտանայ եւ, օր մըն ալ, ոչ միայն թատերական երկրագունդին ներկայանայ, այլ՝ համայն հայութեան։

Բնական է, Յարութին այս «արկածախնդրութիւն»ը դիւրին չեղաւ, ատիկա եղաւ երբեմն ի գին իր ֆիզիքականին, երբեմն՝ առողջութեան, երբեմն՝ յոգնածութեան, երբեմն ալ՝ ժամանցիութեան, սակայն, ետդարձ չկար, ընդհակառակը, աւելի կիրքով ու հաւատքով, խանդով ու համոզմունքով փարեցաւ իր «երախայրիք»ն հոգածութեան ու գուրգուրանքին, անտրտունջ, անգանգատ եւ անդժգոհ համակերպութեամբ, քանզի զայն կը նկատէր իր անգին եւ անփոխարինելի հոգեզաւակը, որ լոյսին պիտի գար ու լուսաւորէր ամբողջ իրականութիւն մը, դուրս բերելով խաւարէն, դարակներէն, պահեստանոցներէն ու թղթապանակներէն։

Եւ, ահաւասիկ, ԵՂԵՒ առողջ եւ առոյգ, կայտառ եւ անվնաս «ծննդաբերութիւն»ը, յուրախութիւն Յարութին եւ հարազատներուն, խնդրոյ առարկայ արուեստի մունետիկներուն ու հասցէատէրերուն, սիրահարներուն եւ երկրպագուներուն եւ ընդհանրապէս հանրութեան։

Մեր կարծիքով, Յարութին այս հրապարակումը, իրեն պատիւ եւ վարկ կը բերէ, հպարտ պէտք է զգայ, որ իր ներքին մարտակոչին անսալով, իրականացուց իր երազը, հասաւ իր մուրազին եւ կենդանացուց հանգուցեալներուն աւանդը, իսկ ներկաներուն ալ գոհացում տուաւ, զանոնք արժանացնելով մեծարանքներու։

Յարութին այս պատուաբեր գործը, բարի ու վարակիչ օրինակ պէտք է դառնայ բոլոր անոնց, որոնք «արժանաւոր ծառաներն» են հայ մշակոյթին, արուեստին, լեզուին, գրականութեան, պատմութեան, մամուլին, մանկավարժութեան ու հայերէնագիտական բնագաւառներուն, այո՛, որովհետեւ, ԵՐԹԸ կը շարունակուի, իսկ զայն աւելի մարդաշատ եւ հանրօգուտ դարձնելու համար, անհրաժեշտ է պատկան նուիրեալներով ու կամաւորներով զարդարել ու շքեղացնել «երթ»ի գնացքը։

Առ այդ, սիրելի Յարութ, սրտանց կը շնորհաւորեմ քեզ, այս սքանչելի եւ անյետաձգելի մտայղացումդ իրականացնելու համար եւ վստահ եմ նոյն (եւ աւելի) մաղթանքներ կ’ողողեն վաստակդ եւ անոր… շարունակականութիւնը։

Ճամբադ կանաչ, գրիչդ դալար, ոգիդ անսպառ, արեւշատութիւնդ պայծառ, այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ «երեխայրիք»դ առանձին չի մնար ու… կը զուգաւորուի։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)