Ազգային ժողովը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով չէ դադրեցուց Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները:
Քուէարկութեան արդիւնքները խորհրդարանի նիստին ներկայացուցած է Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը:
«Ազգային ժողովի 107 պատգամաւորից քուէարկութեանը մասնակցել է 28-ը, քուէատուփում առկայ է 28 քուէաթերթիկ, անվաւեր քուէաթերթիկներ չեն եղել: Ձայները բաշխուել են հետեւեալ կերպ՝ «կողմ»՝ 28, «դէմ»՝ 0»,- ըսած է Բաբայեանը:
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները քուէարկութեան չեն մասնակցած։ Քանի որ ընդդիմութեան 28 կողմ ձայները բաւարար չեն, որ Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները դադրեցուին, ընդդիմադիրներու ներկայացուցած նախագիծը համարուած է մերժուած։
Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը պահանջած էր դադրեցնել ՀՌՀ անդամ Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները։ Ընդդիմադիր պատգամաւորներու հիմնաւորմամբ՝ Յակոբ Յակոբեանը, որ յայտնի է նաեւ որպէս Յակոբ Մովսէս, խախտած է ՀՌՀ անդամի կարգավիճակէն բխող քաղաքական չէզոքութեան եւ զսպուածութեան պահանջները, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեամբ։
Դաշինքի շրջանառած նախագիծին մէջ նշուած է, որ Յակոբ Մովսէսը «Առաջին լրատուականին» տուած հարցազրոյցին մէջ թոյլ տուած է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը վիրաւորող եւ վարկաբեկող արտայայտութիւններ։