image

«Արաս»-էն նոր հրատարակութիւն՝ «Կարմլիկ». Հեղինակը Մահիր Էօզքանն է

«Արաս»-էն նոր հրատարակութիւն՝ «Կարմլիկ». Հեղինակը  Մահիր Էօզքանն է

Կարմլիկ անունով ձկնիկ մը իր ճամբուն վրայ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի։ Ինքզինք գտնելու ճամբան դիւրին չէ։ Սակայն այստեղ քարերը կը շարժին, գետերը պատմութիւններ կը պատմեն եւ ջրվէժները օգնութեան կը հասնին։

«Կարմլիկ»-ը մանկական պարզութեան եւ ժողովրդական հեքիաթներու գեղեցիկ համադրութիւն մըն է․ մէկ կողմէ՝ իւրայատուկ լեզուով պատմուած արկածախնդրութիւններու շարք է, միւս կողմէ՝ փնտռտուքի ուղի։ Ներշնչուած Համշէնի բանահիւսութենէն, «Կարմլիկ»-ը մեզ կը տանի աշխարհ մը, ուր պզտիկ ձկնիկները միշտ կը նային դէպի լեռան գագաթը։

«Կարմլիկ»- մանկական հատորի խմբագիրն է Բագրատ Էսդուգեան, կողքի ձեւաւորումը՝ Մելիսա Արսէնեանի, Սրբագրութիւն՝ Վահագն Քէշիշեան, նկարազարդում՝ Էսմէ Մատրա, Ա տպագրութիւն, Սեպտեմբեր 2025, Պոլիս։

***

Դարձեալ ճամբայ ելաւ, լողա՜ց, լողա՜ց, ջրվէժներ անցաւ, պզտիկ ու մեծ լիճեր անցաւ, չկեցաւ: Մոռցաւ թէ արեգակն ու լուսինը քանի՞ անգամ վրայէն անցան: Լեռան գլխուն մօտեցած էր: Երբ գլուխը ջուրէն հանեց, դաշտը, քարը, արտը, ծառը… ինչ որ տեսաւ ճերմակ ձիւնով ծածկուած էր: