image

Փոթորիկ ու ջրհեղեղներ Սուրիոյ մէջ

Փոթորիկ ու ջրհեղեղներ Սուրիոյ մէջ

Սուրիա ջերմաստիճանի կտրուկ նուազումի ու մթնոլորտային պաղ հոսանքներու ենթարկուած է, որուն հետեւանքով շաբաթ գիշերուընէ մինչեւ կիրակի երեկոյեան տեղացած յորդառատ անձրեւն ու ուժեղ փոթորիկը զգալի վնասներ պատճառած է երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, Ալ Քալամոն եւ Ալ Շէյխ լեռները նաեւ ձիւնամրրիկի ենթարկուած են:

Հասաքէ նահանգին մէջ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով Խապուր գետը յորդած է, եւ ջուրի մակերեսը բարձրացած: