image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ յորդառատ անձրեւներ եւ ջրհեղեղներ

Լիբանանի մէջ յորդառատ անձրեւներ եւ ջրհեղեղներ

Լիբանանի Ռաս Պաալպաք շրջանին մէջ տեղացող յորդառատ անձրեւները ջրհեղեղներու պատճառ դարձած են, կը յայտնէ «Ազգային լրատուական գործակալութիւն»ը:

Աղբիւրին համաձայն, ջրհեղեղները ծածկած են փողոցները, հրապարակները, ցանքերը, անգամ լեցուած են տուներն ու այգիները, զգալի վնաս հասցնելով բերքին:

Այս առթիւ Ալ Քաահի նահանգապետը կոչ ուղղած է համապատասխան մարմիններուն միջամտելու եւ փրկելու վնասուող տարածքները, որովհետեւ նահանգապետարանը բաւարար միջոցներ չունի անձրեւներուն պատճառած աւերածութեան դէմ պայքարելու համար: