image

Սպանիոյ մէջ ջրհեղեղներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 205-ի

Սպանիոյ մէջ ջրհեղեղներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 205-ի

Սպանիոյ հարաւը եւ արեւելքը ջրհեղեղներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 205-ի, յայտնած են տեղական իշխանութիւնները: Տասնեակ մարդիկ անհետ կորսուած կը համարուին։

202 մարդ մահացած է Վալենսիոյ մէջ, երկուքը՝ Քասթիլիա-Լա Մանչայի մէջ, եւս մէկը՝ Անտալուսիայի մէջ։ Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները կը շարունակեն որոնողափրկարարական աշխատանքները:

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռոպլեսը յայտնած է, որ Վալենսիոյ մէջ որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնող 1200 զինուորներուն պիտի միանան եւս 500–ը:

Փոխադրութեան նախարար Օսքար Փուենթէն տեղեկացուցած է, որ արեւելեան շրջանին մէջ լրջօրէն վնասուած են ճանապարհներ, որոնցմէ շատերը արգելափակուած են մեքենաներու պատճառով։ «Ցաւօք, որոշ մեքենաներու մէջ մահացած մարդիկ կան», — լրագրողներուն ըսած է Փուենթէն:

Ան աւելցուցած է, որ Վալենսիոյ եւ Մատրիտի միջեւ արագընթաց երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման համար պիտի պահանջուի երկու-երեք շաբաթ:

Նոյեմբեր 1-ին Սպանիոյ կառավարութիւնը ճանապարհներու վերանորոգման համար 25 միլիոն եւրօ յատկացուցած է։