image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանի հեռացման պահանջով երթ՝ Երեւանի մէջ

Փաշինեանի հեռացման պահանջով երթ՝ Երեւանի մէջ

 

Այսօր ժամը 5-ին, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցէն, Կրկեսի հրապարակէն պիտի շարունակուի երթը: Այս մասին, 15 դեկտեմբերին, Ֆրանսայի հրապարակին մէջ «Արժանապատւութեան երթ»ին յաջորդաց փոքր հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

 

Անոր խօսքով, երթը կանգ պիտի առնէ դատախազութեան առջեւ, ոստիկանութեան առջեւ, ԱԱԾ-ի առջեւ. «Դատախազութեան առջեւ մենք կոչ ենք անելու, որպէսզի յարուցուած քրէական գործի շրջանակներում դաւաճանութեան յօդուածով մեղադրանք առաջադրուի Նիկոլ Փաշինեանին եւ նրան ձերբակալել: Մենք երթ ունենք նաեւ հինգշաբթի, իսկ շաբաթ օրը հանրահաւաք եւ սգոյ երթ ունենք: Մենք առաջիկայ օրերին վերջնականապէս հասնելու ենք մեր նպատակին, դրանում ոչ մէկը թող չկասկածի»,-ըսած է Սաղաթէլեանը: