image

Փարիզի Համազգայինի թատերական միաւորը ոգեկոչեց Հրանդ Տինքի յիշատակը

Փարիզի Համազգայինի թատերական միաւորը   ոգեկոչեց Հրանդ Տինքի  յիշատակը

Ուրբաթ 20 Յունուար 2017-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը  կազմակերպեց գեղարուեստական երեկոյ մը յիշատակելու համար Հրանդ Տինքի մահուան տասներորդ տարին։

 Իններորդ թաղամասի Ռօսինի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Պոսփոր» թատերախաղի  ընթերցումը, երկու հարիւրէ աւելի հանդիսատեսներու   ներկայութեամբ:

 Հեղինակները Կորիւն Աբրիկեան և էրիք տը Րօքֆեօյ, ներշնչուած  Հրանդ Տինքի կեանքի պայքարէն  և գրութիւներէն, հասարակութեան ներկայացուցին այս յուզիչ   եւ զգայացունց երկը:

 Չորս արհեստավարժ դերասաններ ընթերցեցին այս  թատերախաղը մեզի փոխանցելով  զոհուած լրագրողի ներաշխարն ու երազը: