Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախաձեռնութեամբ ծայր առած է «Մեր մեծերը» ձեռնարկներու շարքը, որուն առաջինը նուիրուած էր հայ անուանի երաժիշտ, քեամանչահար, բանաստեղծ Սաշա Օգանեզաշվիլիի (Ալեքսանդր Օհանեան) յիշատակին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Դեկտեմբեր 1-ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան (նախագահ՝ պատմաբան Ենոք Թադեւոսեան) նախաձեռնութեամբ ծայր առած է «Մեր մեծերը» ձեռնարկներու շարքը։
Այդ շարքին առաջինը նուիրուած է հայ անուանի երաժիշտ, քեամանչահար, բանաստեղծ Սաշա Օգանեզաշվիլիի (Ալեքսանդր Օհանեան) յիշատակին։ Վերջինս կը հանգչի Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ:
Նոյն օրը անոր գեղեզմանին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է, նախագահութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեանի։ Ներկաները ծաղիկներ զետեղած են արժանաւոր հայորդիին տապանաքարին:
Այնուհետեւ «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ ցուցադրուած է Սաշա Օգանեզաշվիլիի նուիրուած ժապաւէնը։ Ցուցադրութեան ներկայ եղած են թեմակալ առաջնորդը, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ երաժիշտին մօրաքրոջ թոռնուհին՝ Գարմէն Բաղդասարովա:
Արդարեւ, հետաքրքրական եւ խօսուն ժապաւէն մը։ Մանուկ տարիքին մայրը կորցսնցուցած Սաշա, դառնալով ինքնուս նուագող, հոգիի անհուն թելերով կը կապուի քեամանչային, այդ յուզառատ նուագարանի լարերու միջոցով կը հնչեցնէ իր յոյզերը: Շնորհաշատ քեամանչահարի պրպտումներով գործիքը ա՛լ աւելի կը կատարելագործուի, եռալարէն դառնալով եզակի քառալար նուագարան: Հետագային, ան Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ կը բանայ արեւելեան երաժշտութեան հիմնարկը, իսկ Պաքուի մէջ կը դառնայ տեղւոյն երաժշտանոցին հիմնադիրն ու առաջին ղեկավարը:
Քեամանչայի մեղեդիները կենդանի կատարումներով հնչեցուցած են յատկապէս Երեւանէն հրաւիրուած «Ռոմանոս Մելիքեան» երաժշտական ուսումնարանի՝ քեամանչայի դասարանի ուսանողներ՝ Միլենա Մովսիսեան, Սարգիս Սերոբեան, «Հայարտուն» կեդրոնի դհոլահար Արման Պապիկեանի նուագակցութեամբ:
Հուսկ՝ գնահատանքի խօսքելով ելոյթ ունեցած են թեմակալ առաջնորդը եւ Հայաստանի դեսպանը։