Ուրբաթ 20 Յունուար 2017-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կազմակերպեց գեղարուեստական երեկոյ մը յիշատակելու համար Հրանդ Տինքի մահուան տասներորդ տարին։
Իններորդ թաղամասի Ռօսինի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Պոսփոր» թատերախաղի ընթերցումը, երկու հարիւրէ աւելի հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Հեղինակները Կորիւն Աբրիկեան և էրիք տը Րօքֆեօյ, ներշնչուած Հրանդ Տինքի կեանքի պայքարէն և գրութիւներէն, հասարակութեան ներկայացուցին այս յուզիչ եւ զգայացունց երկը:
Չորս արհեստավարժ դերասաններ ընթերցեցին այս թատերախաղը մեզի փոխանցելով զոհուած լրագրողի ներաշխարն ու երազը: