Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող՝ Պայծառ Գարագաշեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Համազգայինի շրջանակներուն մէջ գործած Տիկն. Գարագաշեանը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ իր ոսկեդարը ապրող թատերական կեանքին։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր ազգականներուն ու պարագաներուն, եւ ի մասնաւորի անոր ամուսնոյն լիբանանահայ ազգային գործիչ՝ Տիար Նազարէթ Գարագաշեանին, ու անոր որդիներուն՝ Ռաֆֆիին եւ Ռուբէնին։
Նշենք, որ այս առթիւ համացանցի էջերով նկատեցինք կարճ գրութիւն մը, որ կը հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնէ հանգուցեալի անցած ուղին։
Ստորեւ այդ գրութիւնը՝
Պէյրութի մէջ գործող «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը, կը գուժէ մահը, իր նախկին դերասանուհիներէն Պայծառ Գարագաշեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ին։ Բօթը նաեւ ներկայացուցած է Պէյրութի մէջ գործող «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի վարչութիւնը։ Հանգուցեալը «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին քանի մը ներկայացումներում մէջ յիշարժան դերեր ստանձնած է, որոնցմէ յատկապէս կրնանք յիշատակել
«Փշածաղիկը» (1968-ին) և «Կայսրը» (1969), որոնց մասին գնահատանքներ կան՝ մամուլի էջերում մէջ։
Ան, «Փշածաղիկը» թատերախաղին մէջ ստանձնած է Արտայի կերպարը 1968 թուականին։«Նոր կեանք» շաբաթաթերթի, 4 3ունիս 1968-ի թիւին մէջ, Կ. Արամազդ կը վկայէ. «Պայծառ Գարագաշեան ցուցաբերեց արթուն, յստակ և հասկցող խաղարկութիւն մը։ Իր մօտ գնահատելի է մասնաւորաբար հայերէնի յստակ առոգանութիւնը» ։
«Կայսրը» թատերախաղին մէջ, անոր խաղացած Հաննա կերպարին մասին,«Հայրենիք» թերթի, 11 Հոկտեմբեր, 1969-ի թիւին մէջ, Պերճ Մօմճեան , կը վկայէ՝ «Պայծառ Գարագաշեանի վերացած, եթերին սեւերած նայուածքը, հեւքոտ շշունջով արտասանութիւնները, լաւագոյնս կը յարմարէին իր մարմնաւորած Հաննայի դերին»։