image

Պէյրութի Մէջ Լարուած Իրավիճակ. Ապահովական Մարմինները Երրորդ Պայթումէ Մը Կը Նախազգուշացնեն(Լուսանկար)

Պէյրութի Մէջ Լարուած  Իրավիճակ. Ապահովական Մարմինները Երրորդ Պայթումէ Մը Կը Նախազգուշացնեն(Լուսանկար)

Լիբանան-  Պէյրութի մէջ  գրանցուած երկու պայթումները  արդիւնք  են  անձնասպանական   գործողութիւններու:   «Ալ Ժատիտ»   կայանը կը հաղորդէ,  որ բանակը   տեղեկութիւններ ունի, որ շրջանին մէջ կայ  երրորդ   պայթումի պատրաստ անձնասպան մը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ՛ որ ապահովական մարմինները    շրջանի քաղաքացիներէն կը պահանջէ արագօրէն լքել   պայթումներու տարածքը:  Կը հաղորդուի, որ զոհերուն թիւը հասած է 23-ի իսկ վիրաւորներունը անցած է 80-ը: Յիշեցնենք, որ    Պըրժ Ալ Պարաժնէ  շրջանը կը համարուի   լիբանանեան «Հըզպալլա»  կազմակերպութեան   ենթակայ   թաղամաս մը, որ յայտնի է իր   մարդաշատ  շրջան ըլլալու  հանգամանքով: