Լիբանան- Պէյրութի մէջ գրանցուած երկու պայթումները արդիւնք են անձնասպանական գործողութիւններու: «Ալ Ժատիտ» կայանը կը հաղորդէ, որ բանակը տեղեկութիւններ ունի, որ շրջանին մէջ կայ երրորդ պայթումի պատրաստ անձնասպան մը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ՛ որ ապահովական մարմինները շրջանի քաղաքացիներէն կը պահանջէ արագօրէն լքել պայթումներու տարածքը: Կը հաղորդուի, որ զոհերուն թիւը հասած է 23-ի իսկ վիրաւորներունը անցած է 80-ը: Յիշեցնենք, որ Պըրժ Ալ Պարաժնէ շրջանը կը համարուի լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ենթակայ թաղամաս մը, որ յայտնի է իր մարդաշատ շրջան ըլլալու հանգամանքով: