Շարունակենք փոխկապակցումի տեսութեան տրամաբանութիւնը: Կազայի պատերազմին առընթեր սաստկացան հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական բախումները, մերթ ընդ մերթ հատելով նաեւ ռազմագօտիի սահմանները: Կազայի մէջ հաւանական հրադադար մը իր արտացոլացումը կրնայ ունենալ հարաւային Լիբանանի մէջ: Նոյն հետեւողութեամբ ալ այնտեղ սկսուելիք բանակցութիւնները` այստեղ:
Պաշտօնական խօսափող նկատուող իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հրապարակած լուրը ուշագրաւ է եւ կրնայ լոյս սփռել հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ:
Ուրեմն, ըստ այդ հրապարակումին, կը նախատեսուի, որ պատերազմի ներկայ ընթացքը կ՛աւարտի տասը օրէն, որմէ ետք բանակը կ՛անցնի պատերազմի երրորդ փուլին եւ կը ձեռնարկէ Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանի կացութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն:
Այս տեղեկատուութիւնը քանի մը գործընթացի նախադրեալ կը բովանդակէ: Առաջինը այն, որ Կազայի մէջ հրադադարի շուրջ համաձայնութիւնը օրերու խնդիր է: Հրադադարէն ետք, Իսրայէլ պիտի անցնի պատերազմի երրորդ փուլին: Այս երրորդ փուլը սակայն զուգակցուած է Իսրայէլ-Լիբանան սահմանը կարգաւորելու առաջադրանքով տեղի ունենալիք բանակցութիւններով:
Կազայի հրադադարը ինքնին դուռ պիտի բանայ բանակցութիւններու: Ոչ միայն գերիներու կամ պատանդներու առումով, այլեւ ընդհանրապէս Կազայի կարգավիճակի ճշդումի օրակարգով: Աւելի հեռահար կտրուածքով` երկու պետութիւն միջազգային օրակարգով:
Պատերազմ-հրադադար-բանակցութիւններ շղթան յայտնաբար առարկայական դրսեւորումներ կ՛ունենայ: Այս տեսութիւնը կ՛աշխատի Կազայի պարագային:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանի այս հրապարակումը իր մէջ կը բովանդակէ Կազայի եւ Լիբանանի հետ սահմանի խնդիրներուն փոխկապակցուածութիւնը: Փուլային շղթային կը ներառուի լիբանանեան սահմանը, որուն համար պատերազմի երրորդ փուլ ձեւակերպումը կը տրուի:
Փոխկապակցուածութիւնը քանի մը հաւանականութեան մասին մտաբերել կու տայ:
Առաջինը այն, որ Կազայի հրադադարը ինքնաբերաբար հրադադարը կ՛առաջնորդէ նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային գօտի:
Երկրորդը այն, որ Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելէ ետք, Իսրայէլ կը սանձազերծէ ռազմական գործողութիւններ հարաւային Լիբանանի գօտիին մէջ: Այս բեմագրութիւնը կրնայ լիովին տեղադրուիլ նախահրադադարային իրավիճակի սահմաններուն մէջ: Սաստկացնել գործողութիւնները եւ յանգիլ հրադադարի:
Երրորդը փոխսպառնալիքներու առարկայացումն է, առաստաղի բարձրացման եւ գործողութիւններու ծաւալման առումներով:
Առանց բացառելու վերջին հաւանականութիւնը, պարզապէս ընդգծենք, որ սպառնալիքներու նշաձողերու աննախադէպ բարձրացումը փոխհակակշռումի եւ կողմերու միջեւ զիրար կանխազգուշացնելու տրամաբանութեամբ կրնայ բացատրուիլ: Ի վերջոյ բարձրաձայնուող սպառնալիքները հարաւային ռազմական գօտի հատելու եւ տարածաշրջանային տարողութիւն ստանալու մասին են. այլ խօսքով` ըստ էութեան Իրան-Իսրայէլ պատերազմի: Ինչ որ ներկայ պահու դրութեամբ կը թուի, որ չի բխիր երկու պետութիւններու շահերէն:
Փոխկապակցումը քաղաքական տրամաբանութեամբ աւելի համոզիչ կը հնչէ: Երրորդ փուլին ներառուած բանակցութիւնները ի վերջոյ միայն հրադադարի չեն վերաբերիր: Խօսքը ցամաքային սահմանազատումի մասին է: Այստեղ պէտք է մտաբերենք, որ երկար ձգձգումներէ ետք համաձայնեցուած ծովային սահմանազատումը կը յուշէր, որ կողմերը պիտի անցնին նաեւ ցամաքայինին: 1701-ը դարձեալ օրակարգ պիտի ըլլայ, ապա լիբանանեան բռնագրաւուած տարածքները եւ ապա ցամաքային սահմանազատումը:
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ ռազմական գործողութիւնները շատ արագ իրենց տեղը կը զիջին քաղաքական բանակցութիւններուն:
Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի փոխկապակցուածութեան մասին ընդգծում կը կատարէր Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը` յայտարարելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ մագլցումը կարելի չէ վերահսկողութեան տակ առնել, առանց Կազայի մէջ ամբողջական զինադադարի հաստատման:
Շարունակենք փոխկապակցումի տեսութեան տրամաբանութիւնը: Կազայի պատերազմին առընթեր սաստկացան հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական բախումները, մերթ ընդ մերթ հատելով նաեւ ռազմագօտիի սահմանները: Կազայի մէջ հաւանական հրադադար մը իր արտացոլացումը կրնայ ունենալ հարաւային Լիբանանի մէջ: Նոյն հետեւողութեամբ ալ այնտեղ սկսուելիք բանակցութիւնները` այստեղ:
«Ազդակ»