Իսթանպուլի մէջ սկսած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան «3+3» հարթակի (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռուսիա, Իրան Թուրքիա-Խմբ.) երրորդ հանդիպումը, յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Հանդիպման մասնակցած են երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ քննարկելու հարաւկովկասեան տարածաշրջանի ընթացիկ խնդիրները։ Նշուած է, որ Թիֆլիսը հրաժարած է մասնակցելէ։
Այսօր նաեւ կը սպասուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի հանդիպի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ:
Բացի այդ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը երկկողմ բանակցութիւններ պիտի վարէ իր գործընկերներու հետ: Նիստի աւարտին մասնակիցները համատեղ յայտարարութիւն պիտի ընդունին, որու մէջ շեշտը պիտի դրուի այն բանի վրայ, որ տարածաշրջանային երկիրները լուծեն իրենց հարցերը երկխօսութեան միջոցով, ընդգծեն տարածաշրջանի մէջ քաղաքական վէճերու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած սկզբունքներու՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական անկախութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, ներքին գործերուն չմիջամտելու, ուժի կիրառման սպառնալիքի արգելքի եւ մարդու իրաւունքներու յարգման հիման վրայ:
Յայտարարութիւնը կը նախատեսէ կողմերուն պարտաւորեցնել մեծացնել համագործակցութիւնը տարբեր տնտեսական ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս՝ տարածաշրջանային փոխադրային «միջանցքներու» եւ կապի հարցերով, որ երաշխաւորուի, որ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութիւնը կառուցողական դեր կը խաղայ վստահութեան ձեւաւորման, բարգաւաճման եւ կայունութեան հաստատման գործին: