image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսա-Լիբանան զինուորական պատուիրակութեան այցելութիւնը Այնճար՝ պատմութեան ու բարեկամութեան շունչով

Ֆրանսա-Լիբանան զինուորական պատուիրակութեան այցելութիւնը Այնճար՝ պատմութեան ու բարեկամութեան շունչով

Ֆրանսա-Լիբանան զինուորական պատուիրակութեան այցելութիւնը Այնճար՝ պատմութեան ու բարեկամութեան շունչով։

Ստորեւ այդ  այցելութեան մասին  Այնճար հայաւանի  քաղաքապետարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։

Լիբանանեան եւ ֆրանսական զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Այնճար՝ շրջանին մէջ տեղի ունեցող միասնական մարզումներու ծիրին մէջ։
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ ներկայացնելու Այնճարի պատմութիւնը, Մուսալեռցիներու ժառանգութիւնը եւ Ֆրանսայի ունեցած դերակատարութիւնը գիւղի հիմնադրութեան մէջ։
Հիւրերը այցելեցին նաեւ «Մուսա Լեռ» թանգարանը, Օմայեան բերդաքաղաքը եւ հիւրընկալուեցան աւանդական մթնոլորտի մէջ։

Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2026-ի կէսօրուան ժամերուն, Այնճարը հիւրընկալեց լիբանանեան եւ ֆրանսական զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ շրջանին մէջ կազմակերպուած միասնական մարզումներու առիթով այցելեց հայկական աւանը։ Այցելութիւնը առիթ դարձաւ ոչ միայն զինուորական համագործակցութիւնը ամրապնդելու, այլ նաեւ ծանօթացնելու Այնճարի պատմական ժառանգութիւնը, Մուսալեռցիներու պայքարի ոգին եւ ֆրանսական պետութեան պատմական դերակատարութիւնը գիւղի հիմնադրութեան մէջ։

Երեքշաբթի 12 Մայիս 2026-ի կէսօրուայ ժամը 11:30-ին, Այնճարի Քաղաքապետարանը այցելեցին Լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան սպաներ, որոնց կ’ընկերակցէին Ֆրանսայէն ժամանած ֆրանսացի զինուորական մեծաւորներ։ Անոնք շրջանին մէջ տեղի ունեցած միասնական մարզումներու ծիրին մէջ կը գտնուէին Այնճարի մէջ։

Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ քաղաքապետ՝ Սեդրակ Հաւաթեանի, փոխքաղաքապետ՝ Շահան Փանոսեանի, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահ՝ ընկ. Յարութ Զէյթլեանի եւ ընկ. Վիգէն Քէշիշեանի կողմէ։

Հիւրերուն ներկայացուեցաւ Այնճարի պատմութիւնը՝ Մուսալեռէն մինչեւ մեր օրերը, յատկապէս շեշտադրուելով գիւղի հիմնադրութիւնը եւ այդ գործընթացին մէջ Ֆրանսական պետութեան ունեցած դերակատարութիւնը։

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց «Մուսա Լեռ» ազգագրական թանգարանը, ուր մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ տրուած բացատրութիւններուն եւ ծանօթացաւ շրջանի մշակութային ու պատմական արժէքներուն։

Հիւրերը ապա այցելեցին նաեւ Այնճարի Օմայեան բերդաքաղաքը, իսկ այցելութիւնը աւարտեցաւ «Արեւ» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած հիւրասիրութեամբ։