Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը գումար պիտի յատկացնէ Լիբանանի Հանրապետութեան՝ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով առաջացած մարդասիրական ճգնաժամը յաղթահարելու համար։
Կառավարութեան մայիս 14-ի նիստին յայտարարուած է, որ կը նախատեսուի Կառավարութեան պահուստային հիմնադրամէն յատկացնել շուրջ 60 միլիոն դրամ, որմէ 34 միլիոն դրամը՝ պարէնային ապրանքներու (սննդամթերքի) եւ առողջապահական մաքրութեան հետ առնչուած պարագաներու ձեռքբերման, իսկ 26 միլիոն դրամը՝ դեղերու ձեռքբերման նպատակով, որոնք որպէս մարդասիրական աջակցութիւն պիտի տրամադրուին Լիբանանի Հանրապետութեան։
Հիմնաւորման համաձայն՝ Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ձեւաւորուած է մարդասիրական ճգնաժամ, որու պայմաններուն մէջ զգալիօրէն աճած է բնակչութեան պարէնային ապրանքներու, ինչպէս նաեւ առողջապահական մաքրութեան հետ առնչուած եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու եւ դեղերու կարիքը։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախատեսում է տրամադրել նպատակային մարդասիրական աջակցութիւն՝ ապահովելով տուժած բնակչութեան առաջնային կարիքների բաւարարման համար անհրաժեշտ պարէնային եւ սանիտարահիգիենիկ ապրանքների, դեղերի տրամադրումը։ Անհրաժեշտ ապրանքների ցանկը աշխատանքային կարգով ներկայացուել է Արտաքին գործերի նախարարութեան կողմից»,- ըսուած է Կառավարութեան աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: