Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած է, որ այս տարի՝ Իրանի դէմ պատերազմի ժամանակ, գաղտնի այց կատարած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ հանդիպած է այդ երկրի նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտի ալ-Նահեանի հետ։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, սակայն, հերքած է տեղեկութիւնը Նաթանիահուի այցի վերաբերեալ։
Մասնաւորապէս, ինչպէս հաղորդած է The Times of Israel-ը, Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն՝ հանդիպումը նպաստած է Իսրայէլի եւ Ապու Տապիի միջեւ յարաբերութիւններու «պատմական առաջընթացին»։
Տեղեկութիւններ հաղորդուած են այն մասին, որ Իսրայէլի երկու գլխաւոր հետախուզական գործակալութիւններու ղեկավարներ նոյնպէս գաղտնի այցեր կատարած են ԱՄԷ՝ օգնելու անոր ամրապնդելու երկրի պաշտպանական եւ յարձակողական կարողութիւնները՝ իրանական հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն դէմ պայքարելու համար։
Մանրամասնութիւններուն ծանօթ աղբիւրը յայտնած է, որ Նաթանիահու եւ Մոհամմատ պըն Զայէտ հանդիպած են մարտ 26-ին՝ Օմանի սահմանին մօտ գտնուող Ալ-Այն քաղաքին մէջ, եւ որ անոնց հանդիպումը տեւած է քանի մը ժամ։
ԱՄԷ-ն, սակայն, հերքած է Նեթանիահուի այցելութեան մասին տեղեկութիւնները՝ յայտարարութիւնը որակելով «ամբողջովին անհիմն»։
«ԱՄԷ կը վերահաստատէ, որ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները հրապարակային են եւ հաստատուած են յայտնի եւ պաշտօնապէս յայտարարուած «Աբրահամեան համաձայնագիրներու» շրջածիրէն ներս, եւ հիմնուած չեն ոչ թափանցիկ կամ ոչ պաշտօնական պայմանաւորուածութիւններու վրայ։
Հետեւաբար, չյայտարարուած այցելութիւններու կամ չբացայայտուած պայմանաւորուածութիւններու վերաբերեալ որեւէ պնդում ամբողջովին անհիմն է, եթէ ան պաշտօնապէս չէ յայտարարուած ԱՄԷ-ի համապատասխան մարմիններուն կողմէ», - WAM-ի հաղորդումով, յայտարարած է ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։