image

Իրան մտադիր է յատուկ ռեժիմ մշակել Հորմուզի նեղուցի համար

Իրան մտադիր է յատուկ ռեժիմ մշակել Հորմուզի նեղուցի համար

 

Իրանի իշխանութիւնները կը ծրագրեն յատուկ ռեժիմ մշակել Հորմուզի նեղուցին համար, որ ունի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ֆաթեմէ Մոհաճերանին։

«Հորմուզի նեղուցը մեր երկրի յատուկ սեփականութիւնն է։ Ինչպէս ամէն սեփականութեան պարագային, որ որպէս լծակ կը գործածուի տարբեր երկիրներու հետ փոխգործակցութեան համար, անոր համար նոյնպէս անհրաժեշտ է մշակել յատուկ ռեժիմ»,– ըսած է Մոհաճերանին։

Անոր խօսքով՝ Իրան պիտի գործածէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որ իր ազգային շահերը՝ Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ ինքնիշխանութեան հարցով պահպանուին։

Հորմուզի նեղուցը կը կրէ աշխարհի նաւթի, նաւթամթերքներու եւ հեղուկացուած բնական կազի մատակարարումներուն շուրջ 20 տոկոսը։

Ապրիլ 13-ին Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերը սկսած է Հորմուզի նեղուցի երկու կողմերուն գտնուող իրանական նաւահանգիստներ մտնող եւ այնտեղէն դուրս եկող ամբողջ ծովային երթեւեկութեան շրջափակումը։ Ուաշինկթըն կը վստահեցնէ, որ Իրանի հետ կապ չունեցող նաւերը կրնան ազատօրէն երթեւեկել Հորմուզի նեղուցով, եթէ Թեհրանին չեն վճարած անցնելու համար։