Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին նախազգուշացուցած է Իսրայէլի հետ «դաւադրութեան մէջ մտնող» պետութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու մասին։
«Իրանի մեծ ազգի հետ թշնամանքը յիմար արկածախնդրութիւն է։ Իսրայէլի հետ դաւադրութիւնն աններելի է։ Անոնք, որոնք Իսրայէլի հետ դաւադրութեան մէջ կը մտնեն, պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին», - Այս մասին Արաքչին գրած է X ընկերային ցանցին մէջ։
Անոր համաձայն՝ «Նաթանիահուն հրապարակաւ բացայայտած է այն, ինչ Իրանի անվտանգութեան ծառայութիւնները վաղուց փոխանցած էին մեր ղեկավարութեան»։
Աւելի վաղ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը հաղորդած էր, որ ան գաղտնի այց կատարած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ հանդիպած է այդ երկրի նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտի հետ։
Նշուած էր, որ այդ այցը «պատմական բեկում» դարձած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ։ Նաթանիահուի գրասենեակը չէ ճշդած, թէ յատկապէս ե՛րբ տեղի ունեցած է այցելութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ CBS News հեռուստակայանի աղբիւրները յայտնած են, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է մարտ ամսուան վերջը։
Մինչդեռ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հերքած են Նաթանիահուի այցելութեան մասին տեղեկութիւնը։