«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ մանկաբոյժ եւ հասարակական գործիչ՝ Ճօրճ Կիւլէսէրեան.
-Վեց ամիս անցած է Պէյրութի աղիտալի պայթումի դէպքէն, ո՞ւր հասաւ դատական գործընթացը, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք, եւ ընդհանրապէս հասարակութիւնը ի՞նչ կը խօսի դատական գործընթացին մասին:
Ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, Լիբանանի մէջ պատահած բոլոր դէպքերու պարագային ալ, որոնք ահաբեկչական բնոյթ ունին, դատական գործընթացները, գոնէ 1958-էն ի վեր, ապարդիւն եղած են: Այս հիման վրայ ես ոչ մէկ յոյս ունիմ որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերեալ դատական գործընթացը արդիւնքի կը հասնի: Նաեւ չեն կարծեր, որ այս հարցով միջազգային դատաքննութիւն կ՚ըլլայ: Նոյնիսկ եթէ ուզեն վճռական արդիւնքի մը հասնիլ, բնականաբար աւելի ցած մակարդակի վրայ եղող պատասխանատուները պատիժ պիտի կրեն, բանտարկուին, իսկ «մեծ գլուխներ»ը, ինչպէս միշտ, ազատ պիտի մնան:
-Պայթումէն վեց ամիս ետք, ինչպիսի՞ն է պայթումին հետեւանքով աղէտահար եղած շրջաններուն վիճակը, մասնաւորապէս հայկական շրջաններուն մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ:
Աղէտեալ շրջաններու վերանորոգման աշխատանքին առնչութեամբ, ես իմ անձնական փորձառութեամբս պատմեմ, որովհետեւ իմ տունս ալ Ժէհթաուի շրջանը գտնուելով, բաւական մեծ վնաս կրած է: Հայկական կազմակերպութիւնները ամէն ձեւով օգնութեան հասան, շինարարական աշխատանքներ ստանձնեցին, եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին: Հայկական միութիւնները, եկեղեցական, ազգային կառոյցները բոլորն ալ իրենց կամաւորական խումբերով գործի վրայ էին՝ հայ աղէտեալ, կարօտեալ ընտանիքներուն օգնութեան հասնելով։ Այս բոլորը շատ բարձր պէտք է գնահատել բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Նոյնը կարելի չէ ըսել պետութեան աշխատանքներուն մասին: Պետութեան կողմէ ոչինչ կը տեսնենք: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի պետութիւնը փտած կմախք մը դարձած է, միայն այցելեցին, քննեցին, վնասները արձանագրեցին եւ խոստումներ տուին, բայց դեռ բան մը չեն վերականգնած, բանով մը չեն օգնած ժողովուրդին:
Լուրջ աշխատանքներ կը տանին նաեւ հասարակական, ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO), միջազգային «Կարմիր խաչ»ը, Եունիսէֆը, որոնք շատ ընտանիքներու նիւթականով օժանդակեցին, անոնց ալ գործը բարձր կը գնահատենք:
Բնականաբար դեռ շատ աշխատանք կայ ըլլալիք, վնասները դեռ շատ են, յատկապէս Մար Մըխայէլ, Ժըմմայզէ կամ Քարանթինա շրջաններուն մէջ, ուր շէնքերը եղածին պէս լքուած են, եւ որոնց նորոգութիւնը շատ մեծ ծախսի եւ ժամանակի կը կարօտի: Ես հայ ընտանիքներ կը ճանչնամ, որոնք իրենց տուներէն հեռացած են, որովհետեւ անբնակելի դարձած են, եւ անոնք կառավարութենէն բան մը չեն կրնար ակնկալել, որովհետեւ կառավարութիւնը սնանկացած է, փտած պետութիւն մը ունինք: Ահաւոր է եղածը, լիբանանահայութիւնը շատ մեծ վնաս կրեց, բայց պիտի վերականգնինք, ուրիշ ճար չունինք:
-Ինչպիսի՞ն է քաղաքական վիճակը Լիբանանի մէջ: Գիտենք որ վերջերս սպաննութիւն եղաւ, կառավարութեան կազմութեան դժուարութիւններ կան: Դէպի ո՞ւր կ'երթայ Լիբանանը:
Ես բացարձակապէս լաւատես չեմ Լիբանանի ո՛չ քաղաքական, ոչ ալ տնտեսական, գոնէ մօտիկ ապագային նկատմամբ: Ապագան մշուշոտ է, քաղաքական գետնի վրայ փտած եւ սառած վիճակ մըն է հիմա, պայմանաւորուած Ամերիկայի մէջ եղած նախագահական ընտրութիւններով, նոր նախագահով... Ընդհանուր տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը որոշ ձեւով պիտի փոխուի կարծես, ուստի հիմա «wait and see» կացութեան մը մէջ ենք, սառած է ամէն ինչ:
Չեմ կարծեր, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւն կը կազմուի Լիբանանի մէջ, վերջերս ալ, գիտէք, քաղաքական մրցակցութեան, փոխադարձ ամբաստանութիւններու ընթացք մը ծայր առաւ, թէ ով է երկիրը այս վիճակին հասցընելու պատասխանատուն, տնտեսական վիճակն ալ օրէ օր աւելի կը վատանայ: Կը կարծեմ, որ լուծումը միջազգային վեհաժողով մը կամ կարգ մը մեծ պետութիւններու հսկողութեան տակ մարմին մը ստեղծելը պիտի ըլլայ, որ անուղղակիօրէն պիտի հսկէ Լիբանանի կացութեան վրայ (ֆրանսերէն՝ մանտայի պէս բան մը), որուն մէջ դեր պիտի ունենան կարգ մը արաբական երկիրներ, եւ Եւրոպան, ի մասնաւորի Ֆրանսան, անշուշտ նաեւ Ամերիկան եւ Ռուսիան: Եւ իմ նման շատեր յօժար պիտի ըլլան, նման լուծում մ՚ապահովելով, որովհետեւ Լիբանանի քաղաքական ազդեցիկ ուժերէն ժողովուրդը սպասելիք մը չունի։