Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` France 24-ին տուած հարցազրոյցէն․
– Փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը այցելած է երկու երկիրներ։ Յայտարարուած են ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններ, որոնց ծիրէն ներս ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանին պիտի վաճառէ ամէն տեսակ զէնք։ Կայ նաեւ այսպէս կոչուած TRIPP նախագիծը՝ ինքնաշարժային եւ երկաթուղային մայրուղին Հայաստանով դէպի ձեր արտագաւառ Նախիջեւան։ Արդեօք ատոնք դատարկ յոյսե՞ր են, թէ՞ իսկապէս պիտի տեղի ունենայ եւ պիտի փոխէ ընթացքը։
Ես կասկած չունիմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ, դարձեալ, Միացեալ Նահանգները վճռորոշ դեր խաղցաւ այս գործընթացին մէջ։ Եւ այն երթուղին, որ Ատրպէյճանի երկու հատուածները պիտի միացնէ Հայաստանի տարածքով եւ հետագային դուրս պիտի գայ դէպի Եւրոպական մայրցամաք, կը կրէ նախագահ Թրամփի անունը։
Եւ ես կը կարծեմ, որ ԱՄՆ նախագահի այս անձնական ներդրումը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ կառավարութեան գործողութիւններու ծրագիրը ցոյց կու տան, որ TRIPP-ը պիտի կառուցուի։ Հեռաւորութիւնը այնքան ալ մեծ չէ՝ ընդամէնը 40 քիլոմեթրէն քիչ մը աւելի։ Եւ ի դէպ, երկաթուղին, որ Ատրպէյճանը այժմ կը կառուցէ մայրաքաղաքէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահման, կը կազմէ մօտ 400 քիլոմեթր։
Բացի այդ, մեր Նախիջեւանի արտագաւառին մէջ պիտի վերականգնուին գրեթէ 200 քիլոմեթր ճանապարհներ։ Այնպէս որ, Զանգեզուրի միջանցքի հայկական հատուածը, ինչպէս մենք կը կոչենք, շատ կարճ է։ Եւ ես վստահ եմ, որ այն պիտի իրագործուի։