image
Հրատապ լուրեր:

Մայր Աթոռը կը դատապարտէ Կաթողիկոսի նկատմամբ քրէական հետապնդումն ու երկրէն ելքի արգելքը

Մայր Աթոռը կը դատապարտէ Կաթողիկոսի նկատմամբ քրէական հետապնդումն ու երկրէն ելքի արգելքը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութիւն տարածած է՝ խստօրէն դատապարտելով ՀՀ դատախազութեան կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն անոր ելքն արգիլելու որոշումը։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Կաթողիկոսի նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները «անհիմն եւ անօրինական են» եւ կը կրեն «ընդգծուած քաղաքական բնոյթ»։

Մայր Աթոռի գնահատմամբ՝ «իշխանութիւնները հակասահմանադրական եւ հակաօրինական միջամտութիւն են իրականացնում Եկեղեցու ներքին կեանքին՝ խոչընդոտելով Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական գործունէութիւնը»։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ այս քայլերն անարգալից վերաբերմունք են միլիոնաւոր հաւատացեալներու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ կը բնութագրուի որպէս հայոց պետականութեան «անսասան յենասիւն»։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ ըրած է անյապաղ վերանայելու Կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներու եւ քարտուղարի նկատմամբ ընդունուած որոշումները՝ նշելով, որ ատոնք կը պառակտեն հասարակութիւնը եւ կը վնասեն պետութեան հեղինակութիւնը։