image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ իշխանափոխութիւնը «պիտի ըլլար լաւագոյն բանը, որ կրնար տեղի ունենալ». Թրամփ

Իրանի մէջ իշխանափոխութիւնը «պիտի ըլլար լաւագոյն բանը, որ կրնար տեղի ունենալ». Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի մէջ իշխանափոխութիւնը «պիտի ըլլար լաւագոյն բանը, որ կրնար տեղի ունենալ», եւ իր վարչակազմը դեռ կը քննարկէ՝ կ՚արժէ՞ արդեօք ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկել Թեհրանի դէմ:

Յայտարարութիւնը հնչած է այն բանէ ետք, երբ ԱՄՆ նախագահը հաստատած է, որ երկրորդ օդանաւակիր խումբը կ՚ուղարկէ Մերձաւոր Արեւելք:

Վերջին շաբաթներուն Թրամփ յայտարարած էր, որ իր գլխաւոր նպատակը Իրանի միջուկային ծրագրի հետագայ կրճատումն է: Հակառակ ատոր՝ ԱՄՆ նախագահն ակնարկած էր, որ այդ ընդամէնը մէկն է այն բազմաթիւ զիջումներէն, որոնք Միացեալ Նահանգները կը պահանջէ Թեհրանէն:

Այս շաբաթ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք Թրամփ յայտարարած էր, որ տարածաշրջանին մէջ «Համաս»-ին եւ «Հըզպալլա»ին Իրանի աջակցութեան դադրեցումը եւս Ուաշինկթընի նպատակներէն է: