Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը տակաւին կը քննարկէ Իրանի դէմ հնարաւոր գործողութիւններու տարբերակները։ Այս մասին կը յայտնէ The New York Times-ը՝ յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի աղբիւրներուն։
Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ Սպիտակ տան մէջ կը դիտարկուին քանի մը սենարներ, ներառեալ՝ ռազմական գործողութիւններ Իրանի միջուկային ծրագրին եւ պալիսթիք հրթիռներու արձակման կարողութիւններուն դէմ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան յատուկ ջոկատայիններու գործադրութեամբ գործողութիւններ իրանեան ռազմական թիրախներու դէմ։
NYT-ի հաղորդմամբ՝ B-2 ռազմավարական ռմբակոծիչները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ տեղակայուած այլ ռազմավարական օդուժային ուժեր կը գտնուին բարձր մարտական պատրաստութեան վիճակի մէջ։
Միաժամանակ նշուած է, որ վերջնական որոշման կայացման եւ գործողութեան իրականացման համար անհրաժեշտ է լրացուցիչ նախապատրաստութիւն, մասնաւորաբար՝ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայում Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ՝ ամերիկեան ռազմակայաններու պաշտպանութիւնը ապահովելու նպատակով։