Փաստաբան Արա Զոհրաբեանը յայտարարած է, որ ՀՀ դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի նկատմամբ։
Զոհրաբեանի հաղորդմամբ՝ Կաթողիկոսը կը մեղադրուի Արման Սարոյեանի (կարգալոյծ հռչակուած Գէորգ եպիսկոպոս) հետ կապուած դատական որոշումի կատարման խոչընդոտելու մէջ։
Անոր խօսքով՝ իրաւապահները նաեւ արգիլած են Վեհափառ Հայրապետի ելքը Հայաստանի Հանրապետութենէն։
Փաստաբանը կը պնդէ, որ այս քայլով փորձ կ՚ըլլայ ձախողցնելու Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովը։
ՀՀ քննչական կոմիտէէն հաստատած են լուրը, նշելով, որ Գարեգին Բ.-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում, անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է բացակայելու արգելքը։