Յունիս 8-էն ետք հաստատ պիտի չըլլայ ղեկավար, որու պատճառով ազգովին պիտի ամչնանք, այս մասին «Ազատութեան» հաղորդած է 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միկոյեանը՝ արձագանգելով նախկին նախագահներուն առնչուող Փաշինեանի երէկուան յայտարարութեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երէկուան ասուլիսին պնդած էր, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք «այլեւս չէք տեսնելու քաղաքականութեամբ զբաղող նախկին նախագահ»: Փաշինեանը նաեւ վստահութիւն յայտնած էր, որ բոլոր նախկին իշխանութիւնները վերջնականապէս եւ անվերադարձ դուրս պիտի շպրտուին քաղաքականութենէն: