Երկրորդ հանգրուանը կը պարփակէր 1940-ական թուականերէն մինչեւ 1970 թուականներու սկիզբը ու բնորոշ էր այս շրջանին Սուրիոյ լիակատար քաղաքացի հանդիսանալու հայ անհատին ջանքը։ Այդ քաղաքացիութիւնը իր բոլոր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով՝ հայութիւնը դանդաղօրէն կ՚ընդելուզէր սուրիական իրականութեան հետ, պահելու կողքին իւրայատուկ ու զատորոշուած մշակոյթն ու ապրելակերպը: Սուրիոյ ապրած քաղաքական վերիվայրումերը՝ սկսեալ անկախացումէն (1948), հասնելով յաջորդական յեղաշրջումներ, որոնք հայութեան վրայ ձգեցին իրենց ազդեցութիւնը ու կամաց-կամաց տասնամեակներու ընթացքին հայութիւնը Սուրիայէն ուղղուեցաւ զանազան երկիրներ ու կազմեց ներկայ հայկական սփիւռքին մէկ մասը:
Մեծ եղեռնի հետեւանքով յառաջացած հայ ժողովուրդի նշանակալից ներկայութիւնը Սուրիոյ հողին վրայ ունեցաւ դրական ազդեցութիւն՝ նոյն Սուրիոյ բարգաւաճման ու զարգացման գործին մէջ: Յիշարժան իրականութիւն է որ, Սուրիոյ մէջ մարդկային բարձր վերաբերմունք ցուցաբերեցին հայազգի վերապրածներուն եւ այդ հանդիսացաւ խթանը հայ ժողովուրդի պատմութեան շարունակութեան Սուրիոյ հողին վրայ: Մեծ եղեռնէն վերապրածները կազմեցին ներկայ սուրիահայութեան առաջին սերունդը, որուն թիւը 1940-ական թուականներուն հասաւ մինչեւ 300 հազարի։ Առաջին հանգրուան կրնանք համարել վերապրած սերունդի կայացումը որբանոցներու ու հաւաքական գաղթավայրերու մէջ, ուր դպրոց-եկեղեցի կառուցելու առընթեր, ընթացաւ նոր կեանքի մը սկսելու գործը: Որբերն ու մեծ թիւով կիներ վերակազմաւորուեցան իբրեւ ամուր մէկ մասնիկը հայութեան, որ տեւեց երկուքուկէս տասնեակ (1915-1940 թուականներու միջեւ)։ Այս մէկը դժուար հանգրուան մըն էր, երբ հայ զանգուածը Սուրիոյ իրականութեան մէջ անմիջական ու կայուն ներթափանցում չունէր, պարզապէս ստացած ահաւոր հոգեկան ու նիւթական վնասներն ու կորուստները գիտակցելու ու հնարաւորինս ամոքելու շրջան մըն էր: Լեզուի, սովորութիւններու ու ապրելակերպի հսկայ տարբերութիւններու շուքին տակ հայ զանգուածը ապրեցաւ փակ կեանքով:
Երկրորդ հանգրուանը կը պարփակէր 1940-ական թուականերէն մինչեւ 1970 թուականներու սկիզբը ու բնորոշ էր այս շրջանին Սուրիոյ լիակատար քաղաքացի հանդիսանալու հայ անհատին ջանքը։ Այդ քաղաքացիութիւնը իր բոլոր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով՝ հայութիւնը դանդաղօրէն կ՚ընդելուզէր սուրիական իրականութեան հետ, պահելու կողքին իւրայատուկ ու զատորոշուած մշակոյթն ու ապրելակերպը: Սուրիոյ ապրած քաղաքական վերիվայրումերը՝ սկսեալ անկախացումէն (1948), հասնելով յաջորդական յեղաշրջումներ, որոնք հայութեան վրայ ձգեցին իրենց ազդեցութիւնը ու կամաց-կամաց տասնամեակներու ընթացքին հայութիւնը Սուրիայէն ուղղուեցաւ զանազան երկիրներ ու կազմեց ներկայ հայկական սփիւռքին մէկ մասը: Միաժամանակ կազմակերպուած երկու ներգաղթները դէպի Խորհրդային Հայաստան (1947, 1971), պակսեցուցին հայութեան թիւը Սուրիոյ մէջ: Այս հանգրուանին հայութիւնը մէկ կողմէ կրցաւ վերակազմակերպուիլ ու իր հայկական դիմագիծը պարզել, իսկ միւս կողմէ կարողացաւ անբաժան մէկ մասնիկը դառնալ Սուրիոյ երիտասարդ հանրապետութեան:
Տիգրան Գաբոյեան
•շարունակելի…
«Ժամանակ»/Պոլիս