image

Պատերազմին հետեւանքով Կազայի մէջ առկայ վնասները կը գնահատուին 3 միլիառ տոլարով

Պատերազմին հետեւանքով Կազայի մէջ առկայ վնասները կը գնահատուին 3  միլիառ  տոլարով

Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով Կազայի հատուածին մէջ բնակելի շէնքերուն եւ ենթակառուցուածքներուն հասցուած վնասը կը գնահատուի մօտ 3 միլիառ տոլար, հաղորդած է անկլաւային կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Ըստ նախնական գնահատականի՝ բնակելի շէնքերուն եւ աշտարակներուն հասցուած վնասը կազմած է 2 միլիառ տոլար, ենթակառուցուածքներուն հասցուած վնասը կը գնահատուի մօտ 1 միլիառ տոլար», - ըսուած է Կազայի հատուածի կառավարութեան մամուլի ծառայութեան դիմատետրեան հաղորդագրութեան մէջ։