2 հայ զոհուած է Իրանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու եւ անկարգութիւններու հետեւանքով: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը:
«Մէկ զոհ կար հաստատուած, երկրորդ զոհն էլ կարծես հաստատուել է։ Խօսւում է աւելի մեծ թուերի մասին, բայց յստակ որեւէ տեղեկութիւն չունենք»,-ըսած է ան:
Ան նշած է նաեւ, որ Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանատան հետ կապն ընդհատուած է, տեղեկութիւններ կը ստանան միայն Իրանէն թռիչքներով ժամանող անձանց միջոցով։