image

«Պատերազմի տարի»ն կամ ճակատագիր կոչուած անհեթեթ պատմութիւն

«Պատերազմի տարի»ն կամ ճակատագիր կոչուած անհեթեթ պատմութիւն

«Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը կը հաղորդողէ… Ան կը պատմէ, որ 2022 թուականը եղաւ գերազանցապէս պատերազմի տարի։ Խօսքը, անշուշտ, Ուքրայնայի պատերազմին մասին է, որ կը շարունակուի անցեալ 24 փետրուարէն ի վեր՝ առանց դադարի, յաճախ տատանումներով, սակայն առանց լռելու։

Պատերազմը «կը պոռայ»։ Թնդանօթները լռելու միտք չունին, կան հազարաւոր զոհեր, 14 միլիոնէ աւելի ուքրանացիներ լքած են իրենց բնակավայրերը ու դարձած՝ գաղթական։

Պատերազմի սկիզբին, առաջին ակնթարթներուն ալ մեզմէ շատեր կը գուշակէին, որ ըլլալիքը բաւական մեծ բան մըն է։ Ան երբեք չդարձաւ «յատուկ գործողութիւն»։ Ի դէպ, ճիշդ այս բառերով որակած էր Քրեմլինը այս պատերազմը։ «Յատուկ գործողութիւն», որուն միջոցաւ Ռուսաստան արագ քայլերով իր հրասայլերը պէտք է հասցնէր Քիեւ ու այնտեղ հաշուեյարդարի ենթարկէր Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։

Բայց այդպէս չեղաւ։ Պատերազմի առաջին պահերուն, ես ալ արագ գրառումներով հետեւեցայ այս «ծանր խաղի» ամբողջ ընթացքին ու յաճախ կատարեցի գրառումներ՝ հաւատալով ռուսական քարոզչութեան, որ կը պատմէր գալիք մեծ յաղթանակներուն մասին։

Պատերազմէն երկու ամիս անց՝ ապրիլի կէսերուն կատարեցի գրառում մը, որ «կը պատմէր» այն մասին, թէ յառաջիկայ 9 մայիսը պիտի ըլլայ շատ տարբեր միւս բոլոր մայիսներէն։ Տարբեր իր տարողութեամբ, տրամաբանութեամբ, գուցէ նաեւ ուժերու հաւասարակշռութեամբ ու նոր դասաւորումներով… Այդ ժամանակներուն մէջ յաճախ «կը խառնէի» Մերձաւոր Արեւելքի իմ ապրած փորձառութիւնս, մտքիս մէջ կը գծէի Լիբանանի ահեղ պատերազմի խրամատներու քարտէսը, կը յիշէի մեր խանութին կից բարձրացող աւազապատերը ու կը մտաբերէի դէմքերը այն բոլոր լուսաւոր տղոց, որոնք մէկիկ-մէկիկ կ՚իյնային Պէյրութի հայկական թաղամասերու պաշտպանութիւնը ապահովելու ի խնդիր։ Արիւնը ամէն տեղ էր. ռմբաձիգներ, հրացաններ, ատրճանակ մը մէջքիս եւ կորսուած ճակատագրի մը անվերջանալի որոնումները, որոնք մեզ կը տանէին ամէն տեղ՝ բացի հայրենիքէ։

Ի՞նչ ճանապարհներ էին ի վերջոյ այդ ճանապարհները եւ ինչքա՞ն հատանք մենք վերագտնելու համար մեր ամենապարզ, ամենաթարմ եւ ամենամատղաշ երազները. երազները, որոնք երբեք ալ չդարձան երազանք։ Մենք ատեն չունեցանք երազանքի մը մասին խորհելու։ Ինչ որ ունէինք զէնքի մը կարօտն էր, որ կամաց-կամաց մեզ դարձուց գերին այդ պատերազմին։ Ճիշդ է, որ չեղանք մարտի մտած հրոսակներուն նման։ Ճիշդ է, որ մեր զոհերու մարմինները չշարեցինք պատերուն ու սիկառէթներ չդրինք անոնց խոնաւ բերաններուն։ Ճիշդ է նաեւ, որ մասնակից չեղանք սպանդներու, բայց ապրեցանք այդ ամբողջ պատերազմի գեհէնը, որ ամէն պահու հալածեց մեզ։

Հալածեց մեզ այդ պատերազմը ու դեռ ալ մեր ետեւէն կը վազէ։ Մենք կը փորձենք խոյս տալ անոր մահաբեր ու մուգ պատուհասներէն, սակայն նոյն այդ պատերազմը մեր պատուհանները ջարդելով, կոտրելով մեր դրան ապակիները՝ կը մտնէ մեր սենեակ ու կը հասնի մեզի։ Պատերազմը մեր քիթէն կը վազէ։

Պատերազմը մեզի շնչակտուր կը դարձնէ ու հիմա, երբ դարձեալ այս անգամ հեռաւոր Քիեւէն եկած լուսանկարները կը տեսնենք, կարծես տեսարանները նոյնն են, կարծես զոհերը նոյնն են ու կորուստները նոյնը։

Ի վերջոյ ի՞նչ եռանդով կ՚ուրախանայինք, երբ կը մտածէինք, թէ Քիեւի անկումէն ետք աշխարհ պիտի դառնար նոր աշխարհ մը։ Ի զուր կը խորհէինք, որ աւելի սպիտակ կեանք մը մեզի կը սպասէ, աւելի կապոյտ սէրերով, աւելի վառ սիրտերով եւ աւելի երիտասարդ հոգիներով։ Մեզի համար մեծ խնդիր էր, որ Չինաստան այս խաղին մէջ կը մտնէ իր հզօրութեամբ ու տեղ մըն ալ Հնդկաստանի ձեռքը բռնելով, ամեհի վախ մը կը հասցնէ ծերացած Եւրոպային։

Գիտէինք, անշուշտ, շատ վաղ ատեններէ գիտէինք, որ այս բոլորէն պիտի տուժեն «ծերացած» ցամաքամասի հին ու նոր բնակիչները։ Անոնք պիտի սոսկան ցուրտէն եւ այդ երկիրներուն բեռ դարձած թոշակառուները մէկիկ-մէկիկ պիտի «սառին», տեղի պիտի տան ու կերպով մըն ալ պարտուին հզօր համարուած «հիւսիսային արջ»ին առջեւ։

Գուցէ սխալ էինք մենք, սխալ էին մեր ընկալումները ու սխալ էր վարկածը, թէ ռուսաց «մեծ թագաւոր»ը պիտի կարողանայ կերտել այնպիսի աշխարհ մը, որուն մէջ արդարն ու բարին իրենց տեղը ունին։

Փուճ էր, անշուշտ, այդ երազը։ Գուցէ Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ եղածներէն կազմուած էր այդ պատկերը, բայց եւ այնպէս, իրականութեան չէր համապատասխաներ։

Այդ օրերուն եւ նոյնիսկ հիմա ալ կը խորհէինք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար Սուրիոյ վիճակը, եթէ սեւ դրօշակներով ու ճաբոնական «ամենագնաց»ներով ու սեւ գլխաշորերով ու «խաչկապ»է փամփուշտակալներով զինեալները կ՚անգնէին Դամասկոս քաղաքի ճիշդ կեդրոնը՝ Մէրժէի վրայ ու գոռային արար-աշխարհի երեսին, որ իրենք, այ՛ո, իրենք փրկած են Սուրիան… Աւելի ուշ, նոյն այդ ծայրայեղականները պիտի յայտարարէին, որ Դամասկոսը դարձած է «խալիֆայութիւն» ու իրենք կը պատրաստուին յառաջիկայ փուլին։

Այս սեւ երազն էր գուցէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ՝ որպէս մեծ աղաղակ եւ մեծ աղմուկ «կը պոռար»։ Անհանգիստ էր մեր հոգին. Հալէպը, Լաթաքիան, Քեսապը, Դամասկոսը, տակաւին Ռաքքան եւ այլ հարիւրաւոր շէներ մեզի կը պատմէին այդ մեծ վէրքին մասին, որ ի վերջոյ կոչուեցաւ «Սուրիոյ վէրք»ը։ Վէրք մը, որ մեզ հալածեց եւ պատերազմ մը, որուն իբրեւ թէ փրկագործութիւնը վստահուեցաւ Ռուսաստանին։ Ի վերջոյ ծարաւ էր Մոսկուան Արեւելքի տաք ջուրերուն ու այդ ծարաւը յագեցնելու համար եկաւ ու կայք հաստատեց իմ հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանի ծննդավայրը հանդիսացած՝ Ճարապլուսի ճիշդ դիմացը։ Սուրիան աշխարհի պատերազմներուն պատերազմը դարձաւ։ Մինչեւ հիմա ալ մեզ կը հալածէ իր սեւ պատկերներով, իր տագնապով, իր կորուստներով եւ մեծ որոնումներով։

Գուցէ այդ պատճառով էր, որ մինչեւ Ուքրայնայի պատերազմի երրորդ ամիսը տակաւին կ՚ուզէինք հաւատալ, թէ ինչ ալ ըլլային պայմանները, Մոսկուայի կողմէ ի գործ դրուած «յատուկ գործողութիւն»ը պիտի հասնի իր աւարտին ու մեզի ալ պիտի տայ նոր բախտ ու առիթ, որպէսզի ընկալենք ու ապրինք «միաբեւեռ աշխարհի աւարտ»ը անունով նոր պատմավէպի առաջին արար-գործողութիւնը։

Սուրիոյ մարմինը մեր մէջ տեղաւոր-ւած սկիզբ մըն էր. սկիզբ գաղթականութեան, սկիզբ նոր կեանքի եւ սկիզբ նոր վերադարձի մը, որուն հասցէն դեռ անյայտ է։ Գուցէ գիտենք այդ հասցէն, սակայն մինչեւ այս պահը կ՚անգիտանանք կամ առնուազն կը փորձենք անդրանցնիլ այդ մեծ ճշմարտութիւնը, որուն մէջ մասնիկ մը կայ մեր վիրաւոր էութենէն։

Միշտ հարց տալով պիտի քալենք ու միշտ պիտի փորձենք հասկնալ այս մեծ պատերազմներուն իրական պատասխանները, որոնք ամէն առիթով պիտի հալածեն մեզ, ցաւ տան մեզի, մեզ նոր վախերու մղեն… Պատերազմը երեւի մեր մէջն է ու մենք առանց ուզելու պիտի կախուած ըլլանք անոր ճակատագրէն։

Դիտելով, անշուշտ, որ իւրաքանչիւր կորուստ, իւրաքանչիւր աւարտ եւ իւրաքանչիր անուն, խորքին մէջ, «գործիք» է միայն այն մեծ խաղին մէջ, որ ամբողջ մարդկութեան ցաւն է՝ որոնումի, փոփոխութեան, նոր գալիքներու ու դեռ ճակատագիր կոչուած անհեթեթ պատմութեան։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...