Կը կարծեմ, որ հարցը պէտք է ուղղել Ատրպէյճանի պաշտօնական անձանց։ Այս մասին նոյեմբեր 4-ին Երեւանի մէջ «Օրբելի – 2025» միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Թոփչուպաշովի անուան Պաքուի վերլուծական կեդրոնի համահիմնադիր եւ տնօրէն Ռուսիֆ Հուսէյնովը՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահի՝ հայկական անուանումներու եւ տեղանուններու վերաբերեալ վերջին աղմկայարոյց յայտարարութիւնները։
«Բայց եթէ ձեզի կը հետաքրքրէ մեր մասնագիտական կարծիքը, ապա ես կրնամ առաջարկել ստուգել նախապէս Ուաշինկթընի մէջ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած հռչակագիրը։ Այն, մասնաւորապէս, կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ ատոր անձեռնմխելիութեան», -ըսած է Հուսէյնովը։