image

Նոյեմբերեանի մէջ թունաւորման դէպքեր. 16 հոգի հիւանդանոց փոխադրուած է

Նոյեմբերեանի մէջ թունաւորման դէպքեր. 16 հոգի հիւանդանոց փոխադրուած է

Նոյեմբերեանի շրջանի գիւղերուն մէջ ջուրէն թունաւորուած է 16 անձ, որոնց մեծ մասը երեխաներ են։

ԱԻՆ-էն կը յայտնեն, որ 5 յունուարին, ժամը 15-ին Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոնէն Տաւուշի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ 31 դեկտեմբեր 2020-էն մինչ 4 յունուար 2021-ը թունաւորման նախանշաններով (ջուրէն) հիւանդանոց տեղափոխուած են Կողբ գիւղի 16 բնակիչներ:

7-ն ստացած են բուժօգնութիւն եւ դուրս եկած, իսկ միւսներու առողջական վիճակը բժիշկները կը գնահատեն բաւարար։

ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավարի յանձնարարականով՝ ջուրի որակին ներկայացուող պահանջներու խախտումներու պատճառով շտապ դադրեցուած է Նոյեմբերեան խոշորացուած համայնքի Ջուջեւան բնակավայրը սնուցող աղբիւրներէն մէկուն ջրամատակարարումը։ Մինչեւ այս, կը հաղորդուէր 14 մարդու թունաւորման մասին։