image
Հրատապ լուրեր:

Առեղծուածային դէպք Երեւանի մէջ. «Մարիոթ» հիւրանոցի խոհարարը վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց

Առեղծուածային դէպք Երեւանի մէջ. «Մարիոթ» հիւրանոցի խոհարարը վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց

Այսօր՝ հոկտեմբեր 30-ին, առեղծուածային դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ժամը 08:30-ի մօտերը Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան բժիշկներու կողմէ Հերացիի անուան 1-ին համալսարանական հիւանդանոց տեղափոխուած է տղամարդ մը:

Վերջինս տեղափոխուած է աջ ազդրի, շեքի շրջանի, կտրած ծակած վէրքերով, դէմքի եւ աջ ուսագօտիի շրջանի այրած վէրքերով:

Բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորը կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, վիրահատուած է եւ վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ կը գտնուի, ի վիճակի չէ կատրաուածի մասին բացատրութիւն տալու: 

Պարզուած է, որ վիրաւորը 32-ամեայ Սամսոն Ս.-ն է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է Հանրապետութեան հրապարակի վրայ գտնուող «Մարիոթ» հիւրանոցային համալիրէն եւ ըստ տեղեկութիւններու՝ ան կ՚աշխատի նշուած հիւրանոցային համալիրին մէջ՝ որպէս խոհարար: 

Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական 3-րդ բաժին՝ հետագայ քրէական վարոյթի հարցը քննարկելու համար: