«Շաբաթ երեկոյեան ես պիտի ստանամ պատուաստանիւթ։ Ես խնդրեցի պատուաստումը առաջինը ինծի ընել, որպէսզի օրինակ ցոյց տամ եւ բոլորին համոզեմ, որ պէտք է պատուաստուիլ»,- Twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ գրած է վարչապետը։
«Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթ ստացողներէն առաջիններէն մէկը պիտի ըլլայ Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիւլինը: Այս մասին ալ յայտնած է անոր գրասենեակը:
«Առաջիկայ կիրակի օր նախագահը պիտի պատուաստուի Երուսաղէմի Հատասսա Էյն Քէրեմի հիւանդանոցին մէջ»,- ըսուած է Ռիւլինի դիւանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: