image

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Լուսանկարներ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  Կաթողիկոսի  այցը ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Լուսանկարներ)

Փըրեմըս, Նյու Ճըրզի – Նորին Սուրբ Օծութիւն ՏԷր Տէր Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Նոյեմբեր 15, 2023-ին իր հովուապետական այցելութիւնը կատարեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնը, Նիւ Ճըրզիի մէջ: Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Դանիէլեան Արքեպիսկոպոսը, Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանը, եւ շքախումբի անդամները: 

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, Calvary Armenian Congregational Church-ի հովիւ՝ Վերապատուելի Գալվին Սաղըրեան, եւ Հայ Աւետարանչական գաղութի հոգաբարձութեան անդամներն ու հիւրերը ջերմօրէն դիմաւորեցին Արամ Կաթողիկոսը: Վեհափառ Հայրապետը  Հացի, Աղի եւ Ջուրի Օրհնութիւնը կատարեց օրհնելով Վերապատուելի Մանասէ Շնորհօքեանի ծոռերը՝ Արէն եւ Ալին Շնորհօքեանները որոնք դիմաւորեցին Հայրապետը: 

Աջահամբոյրէն ետք հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հոգաբարձութեան անդամներուն ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Սրբազան Հայրը, շքախումբի անդամները, Զաւէն Խանճեան, Վեր. Գալվին Սաղըրեան; Պատուելիներ՝ Սերոբ Մկրտիչեան, Աւետիս Պոյներեան, Յովսէփ Կարապետեան, Հէնրիք Շահնազարեան, եւ հոգաբարձուներ՝ Ֆիլիս Տոհանեան, Պերճուհի Կիւլէսէրեան, Տոքթ. Նուրհան Հէլվաճեան եւ Տոքթ. Մայքըլ Ոսքեան: 

Ընկերակցութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական շքեղ ընդունելութիւն մը ի պատիւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Կաթողիկոսին, իր շքախումբի եւ Աւետարանական գաղութի ներկայացուցիչներու ներկայութեան: Բացման աղօթքը կատարեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Յովսէփ Կարապետեանը:

Իր խօսքին մէջ Վերապատուելի Գալվին Սաղըրեան խորազգաց գնահատանքը արտայայտեց Վեհափառ Հօր՝ հայկական գաղութը ամուր պահելուն ի դէմ նոր գաղթկանութեան եւ անդամներու թիւի կծկումին: Վերապատուելին շեշտեց թէ գաղութը ոչ միայն վերապրած, այլ բարգաւաճած է նոյնիսկ այդ պայմաններուն տակ: Երախտագիտութեամբ գնահատեց Հայրապետին սերտ կապը բոլոր Հայ Աւետարանչական եկեղեցիներուն հետ: Մաղթեց որ զանազան ուրիշ առիթներով իրարու նեցուկ կանգնելու պատեհութիւններ կը գոյանան: 

իր սրտի խօսքով՝ Զաւէն Խանճեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հոգաբարձական կազմի եւ Նախագահ, Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանի անունով: Իր ողջոյնի խօսքը ընդգրկեց  Հայ Աւետարանական հոգեմտաւոր նուիրեալներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալներու երկարամեայ ծառայութիւնը: Տնօրէնը կարեւորութեամբ նշեց Արամ Կաթողիկոսի յայտարարութիւնը «թէ հաւատքը ծառայութիւն է հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան կեանքի օրինակին»: Տնօրէնը անդրադարձաւ Հայրապետին հանգամանքը ի գործ դնելուն՝ երիտասարդներու դրական ներգրաւուածութիւնը դրուատելու եւ յորդորը անոնց որ «հեռու մնան փտածութենէ եւ խոտոր ճամբաներէ մատնանշելով անոնց քանդիչ հետեւանքները»: Ան նշեց նաեւ Վեհափառին բարձրագոյն նպաստը «Արցախեան հայրենիքի տեղական, շրջանային եւ համաշխարային մարտահրաւերները, դիւանագիտական մասնագիտութեամբ հետախուզելու»: Պարոն Խանճեան շեշտեց Հայրապետին հետամտութիւնը «իր դիմագիծը կորսնցուցած Սփիւռքին, հետապնդելով անոր յետ վերարժեւորումի եւ ինքնաքննութեան՝ վերակենսաւորումը եւ վերակազմակերպումը»: Պարոն Խանճեան ողջունեց Վեհափառ Հայրը որպէս «մեր ազգի ղեկավարութեան մէջ անխոնջ աշխատանքի բարի օրինակը»: 

«Մեր հաւատքի ակունքները ամրակուռ կերպով խարսխուած են Մայր Եկեղեցւոյ մէջ» շարունակեց տնօրէնը «եւ կ'երկարին հոն՝ ուր մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հաւատաւոր աշակերտները անսալով Տիրոջ պատուէրին, աւետարանի բարի լուրը եւ փրկութեան լուսապայծառ աւետիսը տարածեցին աշխարհն Նայիրեան»:

Պարոն Խանճեան աւարտեց իր խօսքը մաղթելով որ «Աւետարանական Եկեղեցին եւ Աւետարանչականը, գիտակից եւ հաւատարիմ իրենց առաքելութեան, ձեռք ձեռքի Մայր Եկեղեցիի կողքին, շարունակեն տարածել Աստուծոյ խօսքը, բաժնել Քրիստոսի բարի լուրը, հաւատքի ակունքներուն առաջնորդել հայ անհատը եւ ծառայել դարաւոր մայր հայրենիքին»:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ Պարոն Խանճեան հայ դպրութիւնը խորհրդանշող գրիչ մը նուիրեց Արամ Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ $100,000 նուիրատուութիւն մը ի նպաստ Մեծի Տանն կիլիկիոյ շահաւէտ ծրագիրներուն: Ընկերակցութեան Տնօրէնը Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին նուիրեց «ամենէն ծանր նուէրը» որ կը պարունակէր Ընկերակցութեան վերջին հրատարակութիւններէն մէյ մէկ օրինակ Ազգային Առաջնորդարանի գրադարանին համար: 

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Սրբազան հայրըը ողջունած է Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը իբրեւ ներշնչման եւ հզօրացման աղբիւր: 

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա-ի նշանակալից պատգամը արժեւորեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ըսելով «Այս Աւետարանչական տուն է աւետարանչութիւնը անոր raison d’etre ն է, արմատը, ինքնութիւնը, եւ նպատակը այս տան»: 

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունի բաղադրութեան մէջ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Աւետարանչական բառը եւ Հայ բառը: Ամէն ինչ որ սկսաւ այս տան մէջ՝ ըլլայ խոկում, ծրագրում, կամ գործունէութիւն, անոնք միշտ ուղղուած են աւետարանչութեան: «Աւետարանչութիւնը Առաքելութիւնը եկեղեցւոյ գործունէութիւններէն մէկը չէ»: Անոր բաժանմունքներէն կամ պաշտօններէն մէկը չէ: «Աւետարանչութիւնը եկեղեցւոյ բուն էութիւնն է: Եկեղեցին Աւետարանչութիւն է: Յիսուս Քրիստոս իր առաքեալները աշխարհ ղրկեց ոչ թէ եկեղեցիներ հիմնելու, այլ աւետարանչութիւն ստանձնելու, Աստուծոյ խօսքը ժողովուրդին տարածելու: Այդ է անմիջական մասը հաւատացեալներու գաղութին, հետեւաբար, եկեղեցին աւետարանչական իրականութին է»: Վեհափառ Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ այդ ըմբռնումով Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը «Աւետարանչական արժէքներու յառաջացման ուղիով»:

Անդրադառնալով Ընկերակցութեան անուանումի Հայ բառին՝ Հայրապետը նշեց թէ այս Եկեղեցին իր տարողութեամբ անցած է Հայ Աւետարանչական Եկեղեցւոյ ծիրէն անդին: Եւ թէ «մենք բոլորս բաժանորդ գործակից ըլլալէ աւելի, ընկերակիցներ ենք: Բոլոր յարանուանութիւնները միեւնոյն արմատն ու արժէքները ունին: Մեր ունեցած հասարակական արժէքները աւելի հզօր են քան մեր տարբերութիւնները: Ուր որ ալ ըլլանք կ՝աշխատինք ու կը շարունակենք միասնաբար աշխատիլ առաքելական ոգիով»: Նշելով իր ուսման զանազան հանգրուանները, Հայրապետը շեշտեց թէ Աւետարանական հանգամանքը եղած է շատ զօրաւոր:

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս Աւետարանչական տան մէջ գտնուելուն եւ մաղթեց որ Տէրն Աստուած հզօրացում եւ վերաշխուժացում պարգեւէ, աշխարհի մը մէջ ուր Աստուծոյ իրականութիւնը հետզհետէ լուսանցքային կը դառնայ: «Աւետարանչութիւնը պէտք է որ առաջնահերթութիւն ըլլայ բոլոր եկեղեցիներուն համար: Եկեղեցին աւետարանչական իրականութիւն մը պէտք է դառնայ մարդոց կեանքերէն ներս, ապա թէ ոչ ան հեղձամահ կ՝ըլլայ իր պատերէն ներս: Եկեղեցին պէտք է խորտակէ ամէն տեսակի պատեր եւ պատնէշներ որոնք զայն կը բաժնեն իր ժողովուրդէն»:  

Եկեղեցին որպէս աւետարանչական իրականութիւն իր «իսկական իմաստը, վերաբերութիւնն ու արժանահաւատութիւնը կը ստանայ իր եկեղեցական սահմաններէն դուրս երբ ան կը դառնայ կենդանի, ապրող իրականութիւն»: 

«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս առաջին աետարանիչն էր», շեշտեց Հայրապետը, եւ կարեւորութեամբ կրկնեց որ այժմ ուրիշ որեւէ ուրիշ ժամանակէ աւելի մարդոց խիստ պատմութեան մէջ հարկ է որ աւետարանչութիւնը «բոլոր եկեղեցիներուն առաջնահերթութիւնը ըլլայ»: 

Պատգամի աւարտին Արամ Ա Կաթողիկոս երախտագիտութեամբ գնահատեց Ընկերակցութեան համագործակցական ոգին, եւ աղօթեց առ Աստուած որ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տունը միշտ «հզօր եւ ամուր պահէ իր առաքելութեան յարատեւ ուղիին մէջ»: 

Ի պատիւ Վեհափառ Հօր Հովուապետական այցելութեան, փառաւոր եւ անխոնջ ջանքերով կազմակերպուած շքեղ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Ընկերակցութեան դահլիճին մէջ, ատենապետութեամբ՝ Սեդա Նալպանտեանի եւ Լիւսիէն Այնիլիանի, եւ հիւրասիրութեան յանձնախումբի անդամներուն՝ Ճոն Չէրքէզեան, Սոնա Խանճեան, Զաւէն Խանճեան, Պատուելի Վահան Թութիկեան, Քրիսթին Քիւթլիւ, Մակտա Փուլոս, Նէնսի Ռիվերա, եւ Մարի Վիտուքիչ: Աշնանային ծաղկեփունջերը նուիրուած էին Ճոն եւ Միշէլ Սիմուրեանի կողմէ: 

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն կողմէ Կիլիկիա-ի հոգեպարար երգեցողութեամբ:

Թղթակցութիւնը՝ 

Կիլտա Պչաքճեան Քիւփէլեանի